Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Քննարկած է Համայնքային Զարգացման Ուղղուած Ծրագիրները

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մօտ, Հոկտեմբեր 17-ին, տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին, քննարկուած են համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: 
Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար՝ Դաւիթ Լոքեան զեկուցած է այդ նպատակով՝ Հայաստանի քանի մը մարզի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն մասին: Նշուած է, որ Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան մօտ ամփոփուած է արդէն շուրջ 50 ծրագիր, որոնք ուղղուած են բնակչութեան` եկամուտներ ստանալու հնարաւորութիւններու աւելացման, ներդրումային միջավայրի եւ հասարակական վիճակի բարելաւման: 
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ վարչապետ Կարապետեանը յանձնարարած է շարունակել աշխատանքները եւ լրամշակել համայնքային զարգացման նպատակով մշակուած ծրագիրները` կարեւոր համարելով անոնց հիմքին յստակ գործարար տրամաբանութեան ներդնումը, որ պիտի նպաստէ համայնքներուն մէջ տնտեսական աշխոյժութեան խթանման, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ աշխատատեղերու ստեղծման:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին