Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Կը Շինեմ Կոր

Երէկ գիշեր ազգային մտահոգութիւններով տարուած կը մտածէի, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի գրէր մեծանուն երգիծագիր Երուանդ Օտեան, եթէ բախտը կամ դժբախտութիւնը ունենար ապրելու ամէն մակարդակով անկումի մեր այս օրերը: Սակայն շուտով անդրադարձայ, որ ան արդէն գրած է իր անժամանցելի վէպը, որուն անմահ հերոսն է` Ընկեր Փանջունին: Օտեանի հանճարը մեծ է եւ անարարկելի: Մեր ժողովուրդի ցաւերն ալ նոյնն են ու անբուժելի:

Կը յիշե՞ս սիրելի ընթերցող իր գլուխ գործոց վիպաշարին նշանաւոր նախաբանը՝ «Կենսագրական նօթեր Ընկ. Բ. Փանջունիի մասին»:

Կարելի՞ է մոռնալ անոր մէկ այս հատուածը.

…Փոքրիկ Փանջունի յաճախ սխալ կը գործածէր բառերը, բոլորովին աղաւաղելով անոնց նշանակութիւնը։ Օր մը սեղանի մը վրայ դրուած արժէքաւոր անօթ մը կ՚առնէ ու գետին նետելով ջարդ ու փշուր կ՚ընէ։

Հայրը, իրիկունը գործէն վերադարձին, կը տեսնէ եղածը և տղան կանչելով ու անօթին կտորտանքները ցոյց տալով կը գոչէ․

— Ծօ՛, ի՞նչ ըրած ես անօթը։

— Շինեցի, հայրի՛կ,— կը պատասխանէ փոքրիկ Փանջունի միամիտ համոզումով մը։

— Ծօ ի՜նչ շինել, կոտրեր ես, շա՛ն զաւակ։

— Չէ՛, հայրիկ, շինեցի.— Կը պնդէ տղան։

Ի զո՜ւր հայրը երկար-բարակ կը բացատրէ, թէ՝ երբ առարկայ մը գետին նետելով կտոր-կտոր կ՚ընենք, այդ գործողութիւնը շինել բայով չի բացատրուիր, այլ՝ կոտրել։ Անկարելի եղաւ բառագիտական այդ նրբութիւնը հասկցնել Փանջունիի, որ շարունակեց տանը մէջ գտնուած գաւաթները, պնակները, շիշերը կոտրտել և ամէն անգամ որ «Ի՞նչ կ՚ընես կոր» ըսելով զինքը կը յանդիմանէին, անդրդուելի ու անխռով կը պատասխանէր.

— Կը շինեմ կոր։

Քանի՜ քանի ազգային հաստատութիւններ այսօր դժբախտաբար կը ղեկավարուին ընկեր Փանջունիներով սիրելիս, որոնք իրենց կոտրածին՝ կը շինեմ կոր կ՛ըսեն: Եթէ այդ հաստատութիւններուն իրավիճակը տեսնես շա՜տ կը ցաւիս սակայն չես զարմանար, որովհետեւ նման (ան)պատասխանատու մարդոց այսպէս կոչուած ղեկավարութիւնը կամ տնօրինումը տուեալ հաստատութեանց՝ ըլլան անոնք կրօնական, կուսակցական, միութենական, թէ կրթական հաստատութիւններ, աւելի լաւ արդիւնք տուած պիտի չըլլար, մինչ տարբեր արդիւնք ակնկալելն ալ մեր կողմէ ոչ միայն միամտութիւն, այլ՝ ցնորամտութիւն պիտի ըլլար…:

Այդ (ան)պատասխանատուներէն ոմանք  գիտեն, որ իրականութեան մէջ իրենք բան մըն ալ չեն շիներ: Ասոնք նուազ վտանգաւորներն են իրենց տեսակին, որովհետեւ օր մը «կը շինեն» (չես գիտեր ինչ անձնական նպատակի համար), երկու օր «կը շինեն» դարձեալ գիտակցաբար, յետոյ կը ձանձրանան իրենց «արարչութենէն»:

Վտանգաւորները սիրելիս այն այսպէս կոչուած ղեկավարներն են, որոնք լրջօրէն հաւատացած են, որ իրենք՝ «կը շինեն կոր»…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին