Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Խրխզիստանի Նորընտիր Նախագահին

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սոորոնպա Ժէենպեքովին Խրխզիստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով` մաղթելով բարօրութիւն եւ յաջողութիւն պետութեան ղեկավարի պատասխանատու գործունէութեան մէջ, իսկ Խրխզիստանի բարեկամ ժողովուրդին` խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, հանրապետութեան Նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Կ՝ուզեմ հաստատել հայ-խրխզական բարեկամական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման գործին մէջ մեր հետաքրքրուածութիւնը: Համոզուած եմ, որ վերջին տարիներուն արձանագրած երկկողմ համագործակցութեան արդիւնքները՝ յետագայ զարգացում, իսկ համատեղ ջանքերը նոր ընթացքին պիտի ունենան` ի շահ միջպետական համագործակցութեան ներուժի աւելի լիարժէք բացայայտման:
Հայաստանի եւ Խրխզիստանի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի բարի աւանդոյթները ամուր հիմք կը ծառայեն մեր պետութիւններու քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման, փոխշահաւէտ տնտեսական եւ մշակութային-մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման, ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ այլ բազմակողմ միաւորումներու ծիրէն ներս փոխգործակցութեան աճին համար»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին