Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Գանատայի Դեսպանը Պատրաստակամութիւն Յայտնած է Նպաստելու Փոխայցերու Աշխոյժացման

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեան, Հոկտեմբեր 17-ին, ընդունած է Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Ռոնալտ Քիւրը:

ՀՀ Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Արփինէ Յովհաննիսեան նշած է, որ հայ-գանատական յարաբերութիւնները կայուն կերպով կը զարգանան։ Երկու երկիրները ունին բարեկամութեան ու համագործակցութեան լաւագոյն աւանդոյթներ: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը՝ այս ծիրէն ներս՝ ընդգծած է միջխորհրդարանական կապերու զարգացման կարեւորութիւնը, բարեկամական խումբերու աշխոյժ փոխգործակցութիւնը:

Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ նպաստելու հայ-գանատական խորհրդարանական յարաբերութիւններու առաւել խորացման, փոխայցերու աշխոյժացման: Ճոն Ռոնալտ Քիւրի խօսքով` տարին իւրայատուկ է անոր համար, որ կը նշուի Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է 2018-ին Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովին իրականացման: Կարեւոր համարուած է համագործակցութիւնը կաշառակերութեան դէմ պայքարին, տեղեկատուական նոր ճարտարագիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին