Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Ցեղասպանութիւնը Ուրացողներ Կեղծ Բանաձեւով Մը Կը Փորձեն Ժխտումը Շարունակել

Հայոց Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը ապահովելու եւ ապագայ ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու նպատակով հանրապետական եւ դեմոկրատական քոնկրեսականներու կողմէ յառաջ մղուող թիւ 220 բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով, Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող երեք քոնկրեսականներ ներկայացուցած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց առնչուող բանաձեւ մը, ուր ոչ մէկ նշում կայ Ցեղասպանութեան:

«Հիւանդագին եւ լկտի այս դաւադրութիւնը, որուն մէջ պատմական իրողութիւնները կ՛ոտնակոխուին, յո՛յժ վիրաւորական է: Ամբողջ աշխարհին համար յստակ է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը կրնայ սկսիլ միայն Անգարայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչումով: Քոնկրեսականներ Սթիվըրզի, Քոհընի եւ Սեշընզի այս արարքը պարզապէս Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ուրացման քաղաքականութիւնը իրականացնելու փորձ մըն է», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Նշենք, որ թիւ 573 բանաձեւը ներկայացուած էր քոնկրեսականներ Սթիւ Սթիվըրզի (Հանրապետական Օհայօ), Սթիւ Քոհընի (Դեմոկրատական, Թենըսի) եւ Փիթ Սեշընզի (Հանրապետական Թեքսաս) կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին