Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ՍԾՏՀԿ) Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ եւ պոլսահայ համայնքի աջակցութեամբ Հոկտեմբեր 14-ին Սթամպուլի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկ, որու ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայաստանէն ժամանած «Կադանս» անսամպլը եւ պոլսահայ «Մարալ» պարային համոյթը:
Բացման խօսքին մէջ ՍԾՏՀ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան նշած է, որ անցած 26 տարիները եղան հայկական պետականութեան ամրապնդման եւ հզօրացման, ժողովրդավարութեան զարգացման եւ կայացման ժամանակահատուած՝ դժուարութիւններու յաղթահարմամբ եւ կարեւոր ձեռբքերումներով: Արսէն Աւագեան ընդգծած է նաեւ Հայաստանի դերը համայն հայութեան ներուժը համախմբելու գործին մէջ:
Համերգին ներկայ էին Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հայ պատգամաւորներ Սելինա Տողան եւ Կարօ Փայլան, համայնքային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ։