ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Հիմնուելով ազատ խօսքի եւ բազմակարծութեան մշակոյթի մեր դաւանանքին վրայ, (որոշ յապաւումներով) տեղ կու տանք մեր պաշտօնակիցին սոյն յօդուածին:
Նոյն սկզբունքներէն ելլելով մեր էջերը բաց կը պահենք հակառակ տեսակէտներու եւս՝ եթէ կան:
Մինչ այդ եւ այս առիթով, տուեալ վարժարանին ինչպէս նաեւ Հայ Վարժարանին ընդհանրապէս կը մաղթենք հեզասահ եւ բեղմնաւոր դպրոցական տարեշրջան մը:
«Խմբ.»
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարանի (անհասկնալօրէն նախկին) Տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Ժամկոչեան – Պոյաճեանին ծանօթ եմ շնորհիւ անոր բեղուն գործունէութեան, եռանդուն կերպարին, նորարար ծրագրերուն եւ պատրաստակամ համագործակցութեան։
Աշխատանքիս բերումով ծանօթ եմ նաեւ Սփիւռքի մէջ տիրող իրավիճակին եւ յատկապէս իրարու ետեւէ փակուող կամ աշակերտներու թիւի նուազեցում արձանագրող հայկական դպրոցներուն, որոնց մէջ բացառութիւն էր Ռիթա Պոյեաճեանի կառավարած դպրոցը, որ իր պաշտօնավարման տասը տարիներուն ընթացքին (2007-2017) դպրոցի աշակերտութեան թիւը 304-էն հասած էր 475-ի։
Թիւի այս աճը պատահական չէ. նման յաջողութիւն ունենալը արդիւնք է, նախ՝ դպրոցին կարիքները լաւապէս հասկնալու, մանկավարժական առողջ մօտեցում ունենալու եւ անսակարկ զոհողութիւններու, որոնք օգուտ բերած են դպրոցին եւ անոր աշակերտութեան, հետեւաբար՝ ազգին։
Տասը տարիներու ընթացքին, Տիկին Ռիթան դպրոցը օժտած է նոր բաժանմունքներով ու կրթական ծրագրերով, նոր ենթակառոյցներով ու նորարական ծրագրերով, որոնց շնորհիւ դպրոցը դարձաւ լիբանանահայ առաջատար ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը։ Այս մէկը միայն իմ վկայութիւնս չէ, այլեւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, որ գնահատել գիտէր,-
«Ուրախ ենք, որ դուք իբրեւ այս կրթական հաստատութեան մեծաւորուհին՝ ձեր աշխատանքով արդարացուցիք մեր նախանձախնդրութենէն բխած ակնկալութիւնները։
Մեր այս օրհնութեան գիրով կ’ուզենք մեր գնահատանքը արտայայտել ձեր նուիրեալ ու անխոնջ աշխատանքին՝ ի խնդիր Պատրիարքութեանս Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան երկրորդական Վարժարանի վերելքին, որուն շնորհիւ այս կրթական օճախը կը դառնայ լիբանանահայ առաջատար ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը»,- 2015 թուականին Տիկին Ռիթային յղած օրհնութեան գիրին մէջ, բառացիօրէն ըսած է երջանկայիշատակ Պատրիարքը։
Տիկին Ռիթան շարունակեց գործել նոյն եռանդով, անոր աշխատանքային ծիրը ընդլայնուեցաւ՝ հասնելով Հայաստան ու Արցախ. ան իր լայնածաւալ գործունէութեան համար արժանացաւ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի գնահատանքին, բայց այսօր՝ փոխան գնահատանքի՝ պատրիարքարանի որոշումով Տիկին Ռիթան պաշտօնազրկուեցաւ։ Ինչո՞ւ, երբ ինք այդ նոյն «կրթական մեծաւորուհին» է, արդեօ՞ք պատրիարքութեան «նախանձախնդրութիւններն ու անոնցմէ բխած ակնկալութիւններ»-ը փոխուած են, դժուար է ըսել…
Բայց Տիկին Ռիթայէն տեղեկացայ, որ տնօրէնի պաշտօնը նախ ուզած են կիսել իր եւ այլ նախկին ուսուցիչի մը միջեւ, որուն հետ ատենին ունեցած է տարակարծութիւններ։ Բնականաբար, Տիկին Ռիթան մերժած է եւ հետեւաբար հեռացուած` դպրոցէն։
Այսօր, Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը՝ մէկի փոխարէն ունի երեք տնօրէն: Մթնոլորտը փոթորկոտ եղած է: Ծնողներն ու աշակերտները նախ բողոքեցին, բայց ապարդիւն, հիմա ստիպուած են տարին շարունակել իրենց վճարած կրթաթոշակներուն դիմաց՝ միւս տարի այլ դպրոց մը տեղափոխուելու որոշումով։ Այս բոլորը պատրիարքարանին պէտք չէ՞ յուզէ…:
Ուրկէ՞ եկած է եւ ինչո՞ւ սկսած է այս փոթորիկը պարզ չէ, բայց որ ան մեծ վտանգ կը կը սպառնայ մեծ հեղինակութիւն ունեցող հայկական դպրոցի գոյութեան՝ փաստ է եւ բնական հետեւանք, երբ այսքան գործունեայ տնօրէնուհին գնահատուելու փոխարէն՝ կը պաշտօնազրկուի։