*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Իմաստուն էր կենսափորձով, հարուստ` փիլիսոփայի պէս եւ յաճախ ալ միամիտ` երեխայի նման, խորամանկ էր դիւանագէտի արուեստով, եւ յաճախ բորբոքուող ու անմիջական` զինուորի պէս:
Բացառիկ են բացառութիւնները: Եւ այդ մեծ երկունքէն ծնած «Վարդանանք»-ը, որուն նման գիրքեր ստեղծելը՝ գրողին համար հաւասար է բախտորոշ ճակատամարտ շահող զօրավարի սխրագործութեան եւ դիւցազուն զաւակ ծնող մօր երախտիքին։
Հրաչեայ Քոչար
Թէ ո՞վ էր այդ խորունկ հոգին, այդ ինքնատիպ, անկրկնելի տաղանդը, որ ըստ արժանւոյն չգնահատուեցաւ իր կենդանութեան օրով եւ աշխարհէն հեռացաւ՝ առանց ճաշակելու մեծ գրողի եւ մտածողի երջանիկ ինքնազգացողութիւնը։
Դէմիրճեանի տուն-թանգարանը հիմնադրուած է 1977-ին, Երեւանի այն բնակարանին մէջ, ուր 1929-էն մինչեւ իր մահը ապրած է նշանաւոր գրողը (1877-1956): Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի մասնաճիւղն է: Ունի 670 հիմնական եւ գրեթէ նոյնքան գիտաօժանդակ նիւթեր, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնեն գրողի անցած բազմամեայ ստեղծագործական ուղին: Տուն-թանգարանին մէջ պարբերաբար կը կազմակերպուին գրական-թատերական ցերեկոյթնր, հանդիպումներ, գիրքի շնորհանդէսներ, քննարկումներ`նուիրուած թէ՛ դասական գրողի կեանքին ու ստեղծագործութեան եւ թէ՛ գրական արդի խնդիրներուն ու երեւոյթներուն:
«Զարթօնք»-ի այս անգամուան զրուցակիցն է Դերենիկ Դէմիրճեանի տուն թանգարանի վարիչ Կարինէ Ռաֆայէլեան, որ արդէն 23 տարի է իր առօրեան նուիրած է Դէմիրճեանի տուն-թանգարանին եւ անոր գործունէութեան կազմակերպման:
«Զ.» – Թանգարանը կը հանդիսանայ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի մասնաճիւղերէն մէկը: Հիմնադրման ի՞նչ պատմութիւն ունի թանգարանը:
«Կ. Ռ.» – Թանգարանը հիմնադրուած է 1977-ին, երբ կը նշուէր Դերենիկ Դէմիրճեանի ծննդեան 100-ամեակը: Բացման առիթով եղած է շատ մեծ տօնակատարութիւն։ Այդ տարի, բացի թանգարանէն, Երեւանի մէջ բացուած է նաեւ «Քաջ Նազար» սրճարանը, որ դարձաւ երեւանցիներուն ամենասիրելի վայրերէն մէկը: Ես այդ ժամանակ դեռ դպրոցական էի եւ մեր ընտանիքին համար նոյնպէս ժամանցի համար հաճելի վայր էր: Յոբելեանին առիթով՝ սկսան նաեւ տպագրուիլ Դէմիրճեանի գիրքերը, թաշկինակներ տպագրուեցան Դէմիրճեանի Քաջ Նազարը հերոսի պատկերներով, որոնց օրինակներէն կրնաք տեսնել մեր թանգարանին մէջ: Այսպէս, տարբեր միջոցներով փորձեցին ժողովուրդի գիտակցութեան հասցնել, որ իրենց մեծի, դասականի 100-ամեակն է եւ ի հարկէ հիմնական մնայուն արժէքը եղաւ եւ մնաց այս թանգարանը: Այսպէս, իւրաքանչիւր մեծ ու փոքր գործի շարժիչ ուժը անպայման կ՝ենթադրէ նուիրեալ անհատի գոյութիւն, որ այս պարագային նուիրեալ անհատ դարձաւ Դերենիկ Դէմիրճեանի քրոջ դուստրը` Նաթալիա Շիրինեան, որուն ջանքերով ստեղծուեցաւ թանգարանը: Այդ ժամանակ Դէմիրճեան արդէն ողջ չէր՝ 1956-ին ան մահացած էր: Անկէ ետք, այս տան մէջ կը շարունակէին ապրիլ անոր ընտանիքի անդամները եւ երբ ցաւօք սրտի անոնք ալ մահացան, Դէմիրճեանի քրոջ դուստրը որոշեց այս տունը վերածել գրողի տուն-թանգարանի: Մենք պէտք է Նաթալիա Շիրինեանին մեր մեծագոյն երախտագիտութիւնը յայտնենք, ցաւօք ան նոյնպէս երկրային կեանքին հրաժեշտ տուած է, բայց իր ըրած գործը՝ բարեբախտաբար կը շարունակուի կենդանի մնալ:
«Զ.» – Քանի՞ ցուցասրահ ունի թանգարանը: Որքա՞ն կը կազմէ յուշային մասը:
«Կ. Ռ.» – Ամբողջ մասը յուշային է, որովհետեւ թանգարանը բնակարան եղած է։ Մենք այստեղ կցակառոյցներ չունինք: Ինչ որ այսօր կայ, եղած է Դէմիրճեանի ապրելու տարիներուն եւս, պարզապէս այսօր որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած է շինութիւնը: Օրինակ՝ պատշգամը վերածուած է սրահի: Ամէն պատ մենք հաշուարկած ենք, որպէսզի կարենանք բան մը ցուցադրել, որովհետեւ Դէմիրճեանի արխիւը շատ հարուստ է եւ քանի որ ան ապրած է շատ համեստ կեանքով՝ ընդամէնը երեք սենեականոց բնակարանի մէջ, ուստի մեր տարածքը շատ սուղ է: Նոր ցուցադրութեան մէջ մենք կ՝օգտագործենք ածանցեալ հնարաւորութիւններ `մեր առաջին ձեռքբերումը պաստառի առկայութիւնն է եւ այն նիւթերը, որոնք մենք պատերուն վրայ չենք կրնար ցուցադրել, պաստառի միջոցով կը հասցնենք այցելուներուն: Այսօր, թանգարանը ունի երեք յուշային սրահ եւ հատուած պատշգամէն, որ փակուած է վերածուելով սրահի:
Առաջին սրահին մէջ վահանակներով եւ ըստ տասնամեակներու՝ կը ներկայացուի Դէմիրճեանի կենսագրութիւնը, գրական գործունէութիւնը, ընտանիքը՝ այնքան որքան հնարաւոր է՝ տասը վահանակի մէջ տեղաւորել: Երկրորդ սրահը յուշային սրահ է՝ Դէմիրճեանի աշխատասենեակը: Անիկա պահպանուած է այնպէս, ինչպէս եղած է Դէմիրճեանի օրով`պատերուն գոյները, յատակը, կահոյքը, վարագոյրները: Երրորդ սրահը ընտանեկան հիւրասենեակ եղած է, ուր ճաշած են ամբողջ ընտանիքով, հիւրեր ընդունած են: Եւ պատշգամի փոքրիկ սրահը, ուր մենք աշխատած ենք՝ Դէմիրճեանի շարժանկարը եւ թատրոնը տեղաւորած, որ իսկապէս դժուար է, որովհետեւ Դէմիրճեանի ներկայացումները իսկապէս բեմադրած են եւ կը բեմադրեն ժամանակի թատերական գործիչները:
«Զ.» -Ի՞նչ ձեռնարկներ կ՝իրականցուի թանգարանին մէջ:
«Կ. Ռ.» – Տուն-թանգարանի նիւթերուն հիման վրայ ստեղծուած են հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի հաղորդումներ: Այստեղ պարբերաբար կը կազմակերպուին գրական-թատերական ցերեկոյթներ, հանդիպումներ, քննարկումներ` նուիրուած գրողի կեանքին ու ստեղծագործութեան, գրական արդի խնդիրներուն ու երեւոյթներուն, ընթերցումներ, դպրոցականներու համար` դասընթացներ, նկարներու մրցոյթներ եւ այլն: Մենք տեղ յատկացուցած ենք նաեւ այն գիրքերուն, որոնք այս տարիներու ընթացքին լոյս ընծայած է թանգարանը, որովհետեւ մենք նաեւ կը զբաղինք գրական հրատարակչական գործունէութեամբ: Թանգարանի հրատարակած գիրքերը ներկայցուած են առանձին ցուցափեղկով. այցելուն կրնայ գալ եւ ծանօթանալ անոնց:
«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ: Ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք Սփիւռքի մէջ։
«Կ. Ռ.» – Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը այն է, որ ես, ամէն տարի, Լիբանանի Հայկազեան հայագիտական հանդէսին մէջ Դէմիրճեանի մասին ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ որեւէ յօդուած կը տպագրեմ, որպէսզի դուրսը եւս յիշեն եւ ճանչնան Դէմիրճեան հեղինակը: Ի հարկէ Դէմիճեանի ժառանգներէն շատերը նոյնպէս կ՝ապրին Սփիւռքի մէջ եւ բնականաբար կան կապեր, հիւրընկալութիւններ, յարաբերութիւններ: Կ՝ուզեմ, որ մեր այցելուները նախկինի նման եւ աւելի աշխոյժ այցելեն մեր թանգարանը, որովհետեւ մեր աշխատանքը կ՝իմաստաւորուի, երբ մենք մարդոց կը ներկայացնենք այդ աշխատանքը:
«Զ.» -Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ՝իրականացուին թանգարանէն ներս:
«Կ. Ռ.» – Թանգարանը ունի երկու ուղղուածութիւն: Մենք ունինք նաեւ դասաժամեր տարբեր տարիքի խումբերու՝ պզտիկներու համար, որոնք մենք շատոնց կ՝իրականցնենք տարբեր թեմաներով: Մենք կ՝աշխատինք անդրադառնալ ո՛չ միայն Դէմիրճեանի կեանքին ու գործունէութեան, այլ՝ առհասարակ գրականութեան երեւոյթին, շեշտադրելով Դէմիրճեանը:
Մենք աշխատանքի մէջ շատ կարեւոր կը համարենք այն պահը, երբ կը ներկայացնենք ժամանակակից յայտնի հայ գրողները: Դէմիրճեանի տան մէջ կը հիւրընկալուի ժամանակակից գրողը եւ մենք կը խօսինք անոր մասին, մեր տեսանկիւնէն կը ներկայացնենք զինք եւ կու տանք հնարաւորութիւն ներկայանալու, որովհետեւ Դմիրճեանը կենդանութեան օրով եղած է շատ ուշադիր իր կրտսեր գրչակիցներու նկատմամբ: Այստեղ ժամանակին եկած են երիտասարդներ` Համօ Սահեան, Սերօ Խանզադեան, Գուրգէն Բորեան, Հրաչեայ Յովհաննիսեան եւ շատ շատեր, որոնք եղած են Դէմիրճեանէն տարիքով փոքր, բայց անոնց հետաքրքրած է Դէմիրճեանի կարծիքը, իսկ անոր կարծիքը սկսնակ հեղինակի համար ուղեկցողի, խորհրդատուի առաքելութիւն կատարած է:
Յամառ աշխատող էր Դէմիրճեանը, ապրող, թափանցող-սրամիտ ու ինքնատիպ ոչ միայն գրականութեան մէջ, այլեւ՝ կեանքի, որուն մասին կրնաք համոզուիլ անոր տուն-թանգարանին մէջ: Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը` Աբովեան փողոց 29, բնակարան 4 հասցէին: Ել. հասցէ՝ karine.rafaekyan@mailru – հեռախօս`+374 10 52 77 74