«Մեծ մխիթարութիւն է որեւէ կերպով զօրավիգ ըլլալ իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրաբերած արիասիրտ զաւակներուն, որոնց ծառայութեամբ ապահով եւ անվտանգ կը պահուին հայրենեաց սահմանները»,- այս մասին նշած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած, 2016 Նոյեմբերին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին մարտական գործողութիւններու ժամանակ, ծանրօրէն վիրաւորուած տասնապետ Գէորգ Տատասեանը:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ զինուորը՝ Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ՝ ամիսներ առաջ մեկնելով Հնդկաստան, Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վարչութեան աջակցութեամբ՝ ստացած է անհրաժեշտ բուժում:
Վեհափառ Հայրապետը նշած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել վիրաւոր զինուորներուն՝ իրենց բուժման եւ ապաքինման հարցով: