Հոկտեմբեր 7-ին, Նինոծմինդայի մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է պոէզիայի ամենամեայ փառատօն, որ այս անգամ նուիրուած էր Վահան Տէրեանի ստեղծագործութեան:
Ըստ akhaltskha.net-ի՝ փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը ցուցաբերած են վիրահայոց թեմի «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային երիտասարդական կեդրոնի «Պառնաս» ասմունքի արուեստանոցի 7 սան` Յասմիկ Պոտօղլեանը, Հռիփսիմէ Մուրատեանը, Աննա Այվազեանը, Յասմիկ Ղազարեանը, Մարինա Մոսոյեանը, Տիանա Ալթունեանը եւ Ֆիալա Բաբոյեանը: Անոնք փառատօնին մասնակցած 56 ասմունքողներուն մէջ ուշադրութիւն գրաւած են իրենց վարպետութեամբ, լեզուի մաքրութեամբ եւ զգացմունքայնութեամբ:
Մրցութային յանձնաժողովը Յասմիկ Պոտօղլեանին արժանացուցած է ամենաբարձր` Ա. կարգի վկայականի եւ նուէրներու, իսկ Հռիփսիմէ Մուրատեանը գրաւած է Գ. տեղը: Յանձնաժողովը շնորհակալութիւն յայտնած է արուեստանոցի ղեկավար Սաթիկ Սնխչեանին` արդիւնաւէտ աշխատանքին համար: Փառատօնին ելոյթ ունեցած է կեդրոնի ղեկավար, Նինոծմինդայի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ծառայութեան պետ Ժորա Սնխչեանը: