Նախագահ Սերժ Սարգիսեանը ներկայ գտնուած է Երևանի մէջ «Այբ» դպրոցի նոր՝ երրորդ մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որու հիմնարկութիւնը տեղի ունեցած էր 2015 թուականին՝ Հանրապետութեան Նախագահի ներկայութեամբ:
Ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան և տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, Նախագահ Սարգիսեանը կրթութեան և գիտութեան նախարարի, «Այբ» դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի և միջոցառումի հրաւիրուած «Այբ»-ի բարերարներու ու այլ հիւրերի հետ շրջած է իւրօրինակ ճարտարապետական լուծումներով քառայարկ նոր մասնաշէնքի մէջ, ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն եւ մասնաշէնքի թէքնիք միջոցներուն: «Այբ» դպրոցի 4200 քմ. տարածքով նոր մասնաշէնքը նախատեսուած է 180 աշակերտի համար: