Մոսկուայի «Ռոլան» թատերասրահին մէջ, Հոկտեմբեր 11-ին, տեղի ունեցած է Մեծ Եղեռնի 100–ամեակին առիթով նկարահանուած «Փրկութեան քարտէզ» փաստավաւերագրական ֆիլմին անդրանիկ ներկայացումը, որ կազմակերպուած է ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ «Առնօ Բաբաջանեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ:
Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան տեղեկութիւններով՝ շարժանկարը կը պատմէ հինգ մարդասէր կիներու` միսիոներներ Քարէն Եփփէի, Մարիա Ճաքոպսընի (Դանիա), Պոտիլ Պէորնի (Նորուեկիա), Ալմա Եոհանսընի (Շուէտ) եւ Աննա Հետուիկ Պիւլի (Էսթոնիա) մասին:
Ցուցադրութեան սկիզբը՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դեսպանորդ Պորիս Սահակեանը եւ Առնօ Բաբաջանեան հիմնադրամի նախագահ Ա.Սարգիսեանցը, որմէ ետք տեղի ունեցած է ֆիլմը արտադրող Մանուէլ Սարիբէկեանի ելոյթը` շարժանկարի ստեղծման գաղափարին ու անոր իրագործման, հեղինակային խումբին եւ հերոսուհիներու հայրենիքներուն մէջ ֆիլմի ցուցադրման մասին:
Ձեռնարկին մասնակցած են ՌԴ-ի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը դիւանագէտներ, ներառեալ նաեւ ՌԴ-ի մէջ Նորուեկիոյ դեսպանը եւ ՌԴ-ի մէջ Շուէտի ու Էսթոնիոյ դեսպանութիւններու խորհրդականները, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչներ: