Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Արհեստագիտական Համալսարան Պիտի Հիմնուի

Հայաստանի մէջ միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխանող արհեստագիտական համալսարան պիտի հիմնուի: Նախագահ Սերժ Սարգիսեանին ներկայացուած է Հայաստանի արհեստագիտական համալսարան հիմնելու հայեցակարգը:

Համալսարանի հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ բարձր արհեստագիտութիւններու բեկումնային ուղղութիւններու զարգացումը:

Կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներու եւ շահագրգիռ այլ անձերու մասնակցութեամբ կայացած խորհրդակցութեան Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Տէր Մեսրոպ քահանայ Արամեան եւ կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Դաւիթ Սահակեան իրենց զեկոյցներով անդրադարձած են արհեստագիտական համալսարանի ստեղծման մօտեցումներուն ու սկզբունքներուն:

Անոնք նշած են, որ անցած մէկ տարուան ընթացքին իրականացուած ծաւալուն աշխատանքը, ըստ էութեան, շարունակութիւնն է 2016-ին Մասաչուսէթսի արհեստագիտական հիմնարկ հանրապետութեան նախագահին այցին, որմէ ետք մշակուած է ծրագիր` Հիայաստանի մէջ միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխանող արհեստագիտական համալսարան հիմնելու` Մասաչուսէթսի արհեսատգիտական հիմնարկի եւ նման այլ հեղինակաւոր համալսարաններու հետ գործընկերութեան ձեւաւորման ու համագործակցութեան արդիւնքով:

 Հայաստանի եւ արտերկրի համալսարաններու ու գիտահետազօտական հիմնարկներու հետ համագործակցութեան շնորհիւ համալսարանի շրջանաւարտները, ըստ զեկուցողներու, հնարաւորութիւն կ՛ունենան ստանալ երկու վկայական` արհեստագիտական համալսարանի եւ գործընկեր համալսարանի կողմէ:

Նախագահը յանձնարարած է լրամշակել հայեցակարգը եւ փաստաթուղթը վերջնական տեսքով ներկայացնել կառավարութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին