Ռուսիա Հայաստանին կը տրամադրէ 100 միլիոն տոլարի պետական արտահանման նոր վարկ` ժամանակակից սպառազինութեան եւ ռազմական սարքեր ձեռքբերման, մատակարարումներու ֆինանսաւորման համար, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններու միջեւ Հայաստանին պետական արտահանման վարկ տրամադրելու համաձայնագրի կնքման առաջարկութեան համաձայնութիւն տալու մասին հարցը ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան Հոկտեմբեր 12-ի նիստի օրակարգին վրայ:
Ըստ համաձայնագրի` 100 միլիոն տոլարի չափով ներգրաւուող պետական արտահանման վարկը պիտի տրամադրուի 20 տարի ժամկէտով, որմէ 5-ը` արտօնեալ, տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով։
Համաձայնագրի դրոյթներու հիման վրայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ «Ռոսոբորոնէկսպորտ» ԲԲԸ միջեւ պիտի ստորագրուին առանձին պայմանագիրներ վերոնշեալ ժամանակակից սպառազինութեան եւ զինամթերքի Հայաստանին տրամադրելու կարգի, ժամկէտներու, այդ ռազմական սարքերու կիրառման վերաբերող տեղեկատուութեան տրամադրման պայմաններու, կողմերու պարտաւորութիւններու, անոնց նորոգման եւ տեխնիկական սպասարկման պարտաւորութիւններու, ձեռքբերման համար վճարումներու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:
Նախագիծի հիմնաւորման համաձայն համաձայնագրի կնքումը կը համապատասխանէ ՀՀ ռազմավարական շահերուն եւ ատոր իրագործումը պիտի ծառայէ ՀՀ անվտանգութեան ամրապնդման նպատակներուն:
Ռուսիոյ կառավարութեան հետ 2015-ի Յունիս 26-ին ստորագրուած էր սպառազինութիւն ձեռք բերելու համար 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիր, որ այժմ կը գործէ: