Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի Բացման 20-Ամեակի Շքեղ Նշում

Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի բացման 20-ամեակը: «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը շքեղ հանդիսութեամբ նշեց Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի բացման 20-ամեակը: Կեդրոնը հիմնադրուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք եւ կը հանդիսանայ աշխարհասփիւռ հայերու միաւորման խորհրդանիշներէն մէկը: 2001-էն սկսեալ ան կը գործէ որպէս «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամ (ԹԿՀ), եւ ինչպէս իր հիմնադիր Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինը (Tekeyan Trust London), Կեդրոնը ունի հայապահպան նշանակութիւն:

Կրթական, մշակութային, ընկերային եւ բազմազան այլ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցաւ ԹԿՀ կը նպաստէ ազգային ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման ու տարածման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման: 2010-էն սկսեալ հիմնադրամի ուշադրութեան կեդրոնն են՝ Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներու եւ աշակերտներու հիմնախնդիրները: Հիմնադրամը նաեւ եռանդուն գործունէութիւն կը ծաւալէ մշակոյթի դաշտին մէջ, մասնաւորապէս բազմաոճ ցուցահանդէսներ կազմակերպելով եւ հայ ժամանակակից արուեստագէտներուն լայն հանրութեան ներկայացնելով: ԹԿՀ եռանդուն կը համագործակցի հայաստանեան, միջազգային պետական եւ հասարակական, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ:

Թէքէեան Կեդրոնի յոբելեանական ձեռնարկին ներկայ էին պետական կառոյցներու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներ, բարերարներ, համակիրներ Հայաստանի մարզերէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Ուզունեան: Շնորհաւորելով ներկաներուն գեղեցիկ տօնին առիթով, ան երախտիքի խօսք յայտնեց Թէքէեան Կեդրոնի բոլոր բարերարներուն, համակիրներուն եւ գործընկերներուն՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, որոնց շնորհիւ ստեղծուեր եւ իրագործուեր  է հիմնադրամը: Նախագահը ներկայացուց Կեդրոնի ստեղծման գաղափարը, պատմութիւնը, անցած ուղին, իրականացուող ծրագիրները. կարճ ժամանակի մէջ ԹԿՀ ձեռք բերաւ ուրոյն դիմագիծ եւ հսկայական թռիչք արձանագրեց: Այս ամէնը ամփոփ ներկայացուեցաւ նաեւ պաստառին վրայ նկարներու միջոցաւ:

Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը, խօսելով ԹԿ ապագայ ընելիքներու մասին, մասնաւորապէս խիստ մտահոգութիւն յայտնեց սփիւռքի հայ կրթօճախներու պահպանման խնդրով եւ աւելցուց, որ հիմնադրամը պատրաստ է սերտ համագործակցիլ ՀՀ ԿԳՆ հետ եւ մշակել լուրջ ռազմավարութիւն դպրոցներու փակման գործընթացը արգիլելու համար:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Քնարիկ Պետրոսեան իր ելոյթով անդրադարձաւ ԹԿ հիմնադրամի եւ Լոնտոնի Թէքէեան Թրասթի բազմամեայ մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան՝ ի նպաստ հայ ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի զարգացման ու տարածման, Հայրենիքին օգտակար ըլլալու գործին: Ան նաեւ կարեւորեց ԹԿ հիմնադրամի հայանպաստ ծրագիրները, որոնք մատաղ սերունդի շրջանին առողջ հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային խորաթափանց դաստիարակութիւն կը սերմանեն: Բարձր գնահատելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ազգանպաստ համագործակցութիւնը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ յանձնեց շնորհակալագիր՝ «Թէքէեան Կեդրոնի 20-ամեակի առթիւ եւ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու զարգացման գործընթացին ունեցած նշանակալի աւանդի համար»:

 

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանի կողմէ նոյնպէս արժանացաւ շնորհակալագիրի՝ «սերտ համագործակցութեան եւ մշակութային ծրագիրներու իրականացման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային առողջ միջավայրի պահպանման եւ ապագայ սերունդներու գեղագիտական ճաշակի զարգացման համար»:

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն Մնացականեանը արժեւորեց «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի մասնակցութիւնը կրթական գործընթացներուն, արձանագրելով նաեւ հիմնադրամի եռանդուն մասնակցութիւնը ու մեծ ներդրումը դպրոցաշինութեան բնագաւառին մէջ: Անդրադառնալով սփիւռքի հայ դպրոցներու հարցին, ան ըսաւ. «ՀՀ ԿԳՆ այսօրուայ մտահոգութիւններէն մէկը դպրոցներու պահպանումն է: Եւ եթէ բոլորս հետեւականօրէն ընդգրկուինք այս գործընթին, ապա հայու պահպանման խնդիրը սփիւռքի մէջ կարելի է համարել ինչ-որ չափով լուծուած»:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեանը փոխանցեց քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի շնորհաւորական ուղերձը, ուր քաղաքապետը մասնաւորապէս կ՛արժեւորէր ԹԿՀ անցած ճանապարհը հայեցի տեսակի պահպանման եւ հանրահռչակման բարդ գործընթացի մէջ: «Վստահ եմ՝ կազմակերպութեան մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան շրջանին իրականացուող բազմաբովանդակ ծրագիրները իրենց բնոյթով ունին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն, քանի որ կը ձեւաւորէն մէկ տեսակ, որ ապագայի յաղթանակներու ու ձեռքբերումներու կերտողն է»:

Այնուհետեւ, ընթերցուեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգիսեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորական ուղերձը:

Մեծն Բրիտանիայի եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան Բրիտանահայ համայնքի անունով շնորհաւորեց Թէքէեան Կեդրոնին յոբելեանական տօնին առթիւ, յատկանշելով, որ կազմակերպութիւնը այն առաջատարներէն է, որոնք գործնական հողի վրայ սկսան ամրապնդել Հայրենիք-Սփիւռք կապերը: Խօսելով Լոնտոնի Թէքէեան Թրասթի մասին, սրբազանը առանձնայատուկ անդրադարձաւ անոր պատուակալ քարտուղար եւ ԹԿՀ նախագահ Վարդան Ուզունեանին, որուն կը համարէ Լոնտոնի մէջ «դեսպան», որը իր նուիրական ու անխոնջ  աշխատանքով կը հզօրացնէ Թէքէեանի կառոյցները թէ Հայաստանի մէջ եւ թէ Անգլիոյ մէջ: «Շատ ցանկալի կ՛ըլլար, եթէ Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները այսպէս կապուած ըլլային Մայր Հայրենիքի հետ»:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Արժանապատիւ Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը մասնաւորապէս նշեց. «Վեհափառ Հօր օրհնութեամբ միշտ պատրաստ ենք մեր կարողութիւնը բերել Մայր Աթոռի եւ Թէքէեան Կեդրոնի յաջող եւ արդիւնաւետ գործունէութեան համար, քանի որ այն կը ծառայէ մեր ազգին՝ մեր ազգի ինքնութեան պահպանման եւ մեր ազգային առաջընթացին կրթութեան եւ մշակութային ասպարէզին մէջ»:

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը, բարձր գնահատելով արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը տարբեր կառոյցներու հետ, յոբելենական պատուոգիրեր շնորհեց եւ ԹԿՀ «բարեկամ» տիտղոսին արժանացուց ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեանին, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն Մնացականեանին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժնի պետ Անահիտ Դաւիթեանին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Արժանապատիւ Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանին, Երեւանի քաղաքապետարանի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգիսեանին, «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանին, Բերձորի Վ. Թէքէեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Անահիտ Քոսակեանին, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին, «Լոնտոն պիզնըս կրուփ» Հայ-Բրիտանական Հաշուեքննական եւ խորհրդատուական ընկերութեան տնօրէն Տիգրան Զօրեանին, «Պի լայն» ՍՊԸ -ի գլխաւոր տնօրէն Հայկ Խանճեանին:

 

Իսկ ԹԿՀ «նուիրեալ» տիտղոսին արժանացան «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, գլխաւոր հաշուապահ Անահիտ Յարութիւնեան, ծրագիրներու պատասխանատու Սեդա Խաչատուրեան, անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակից Վախթանգ Վարդանեան, եւ պարետ Արթուր Սարոյեանը:

Թէքէեան Կենտրոնի մէջ երեկոն շարունակուեցաւ մշակութային ծրագիրով. հիւրերը հաճոյքով լսեցին Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղի Վահան Թէքէեանի անուան դպրոցի երգչախումբի /խմբավար՝ Մարիեթա Մկրտչեան/ եւ Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցի «Ժողովրդական նուագարաններ» համոյթի /ղեկավար՝ Նունէ Դանիէլեան/ կատարումները: Հնչեցին ստեղծագործութիւններ Վահան Թէքէեանէն, Կոմիտասէն, Տ. Մանսուրեանէն, Է. Պաղտասարեանէն եւ այլն:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ ցուցահանդէսով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին