Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Սուրիահայերը Յարմարած Են Հայաստանի Պայմաններուն եւ Համակերպուած Երկրի Կեանքին. Հրանոյշ Յակոբեան

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կը կարծէ, որ սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու մեծ մասը պիտի շարունակէ ապրիլ Հայաստանի մէջ: Նախարարը կը նշէ, որ սուրիահայերը Հայաստանի զարդը դարձած են իրենց գործունէութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ բարեացակամութեամբ:

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծած է, որ սուրիահայերը Հայաստանի մէջ ոչինչէ գործեր կը ստեղծեն, որ կը վկայէ, թէ անոնք պրպտող են, աշխատասէր են, մտածող, կը փորձեն եւ հիմնականօրէն յաջողութեան կը հասնին:

«Շատ ու շատ սուրիահայերու հետ ես կը զրուցեմ, անոնց մեծամասնութիւնը չի ցանկար երթալ, բայց գիտէք, կեանք է` ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ անոնց մօտեցումները յաւերժ են ու վերջնական: Մեր սիրելի, համեստ, խելացի ու կազմակերպուած, աշխատող ու գրագէտ սուրիահայերը Սուրիոյ մէջ ձգած են տուն, գործ, ինքնաշարժ, պատմութիւն, պատմական ու մշակութային ժառանգութիւն: Ատիկա փաստ է: Այն, որ անոնց հայեացքը դէպի Սուրիա է, ատիկա ալ փաստ է: Անոնք օր մը պիտի երթան իրենց ունեցուածքի վերջնական գնահատականը ստանան, վաճառեն, վերցնեն, տեսնեն, թէ ինչ մնացած է իրենց ունեցուածքէն: Այս հարցերը անոնց համար դեռ հարցական են: Այնպէս որ, անոնք դեռ հոգեբանօրէն հանգիստ վիճակի մէջ չեն: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա պիտի ըլլայ այն ժամանակ, երբ Սուրիոյ մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուի: Հիմա այնտեղ համեմատաբար հանգիստ վիճակ է, տայ Աստուած, որ այդպէս ալ մնայ, սակայն քանի դեռ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ ստորագրուած, այնտեղ լարուածութիւնը դեռ կայ, եւ սուրիահայերն ալ դեռ լարուածութեան մէջ են»,- ընդգծած է Հրանոյշ Յակոբեան:

 Նախարարը նկատել տուած է, որ 2017-ի «Հայաստան-սփիւռք» համաժողովի թեմաներէն մէկը նուիրուած էր սուրիահայերուն` յիշեցնելով, որ նման քննարկում ունեցած են նաեւ 2014-ին կայացած «Հայաստան- Սփիւռք» համաժողովի ժամանակ: «Գիտէք, այդ քննարկումները էականօրէն կը տարբերէին: Եթէ 2014-ին կար ջղային վիճակ, լարուածութիւն, պահանջատիրութիւն, դժգոհութիւններ, որ այս կամ այն հարցերը չեն լուծուած, ապա այս համաժողովի ընթացքին հանգիստ էր ամէն ինչ, որովհետեւ Հայաստանի նախագահի հովանիին ներքոյ 6 օդանաւ մարդասիական օգնութիւն հասած էր այնտեղ, մենք կը հովանաւորենք ծերանոցը, մանկատունը, հնարաւոր բոլոր տարբերակներով կը փորձենք օգնել սուրիահայութեան: Սուրիահայերն ալ այստեղ յարմարած են, համակերպուած են: Եթէ առաջ կը պահանջէին, որ իրենց համար ըլլայ սուրիական դպրոց, որ իրենք իրենց ծրագիրով սորվին, ապա այսօր անոնք մեր հայաստանեան դպրոցներուն մէջ փայլուն արդիւնքներ կ՛արձանագրեն: Անոնք փայլուն արդիւնքներ կ՛արձանագրեն նաեւ մշակոյթի, տնտեսութեան, գործարարութեան ոլորտներու մէջ: Հիմա մենք գրեթէ չունինք սուրիահայ մը, որ ունի խնդիրներ, որոնք լուծում չեն ստանար»,- ընդգծած է Յակոբեան:

Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու համար, ի հարկէ, կան բարդութիւններ, դժուարութիւններ, քանի որ անոնք Հայաստանի մէջ չեն վաստակիր այնքան, որքան կը վաստակէին Սուրիոյ մէջ, չեն ապրիր նոյն կենսամակարդակով, ինչ որ Սուրիոյ մէջ: Բայց Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ անոնք արդէն հասկցած են, յարմարած են Հայաստանի պայմաններուն, քրտնաջան կ՛աշխատին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին