Հոկտեմբեր 16-ին` ժամը 11:00-ին, Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի պետական ազգային ակադեմիական երգչախումբի համերգը` խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ` «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս:
Հոկտեմբեր 16-ին կը լրանայ «Տաթեւեր» ճոպանողիի գործարկման 7-րդ տարին:
Համերգային ծրագրի ընթացքին պիտի հնչեն հայ, ռուս, եւրոպացի երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Համերգը կը կազմակերպուի Տաթեւի վանքի յարակից համայնքներու բնակիչներու, զբօսաշրջիկներու եւ բոլոր ցանկացողներու համար:
«Տաթեւի Վերածնունդ» նախագիծը վանական ու զբօսաշրջային բաղադրիչներու համադրման միջոցով նպատակ ունի բարձրացնել Տաթեւի վանական համալիրի դերն ու նշանակութիւնը, եւ տարածաշրջանը դարձնել զբօսաշրջութեան գրաւիչ կեդրոն: