ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, այսօր՝ Հոկտեմբեր 12-ին, կը մեկնի Ս. Փեթերզպուրկ` մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի (ՀԱՊԿ ԽՎ) խորհուրդին 10-րդ լիագումար եւ ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդին նիստերուն, ինչպէս նաեւ Միջխորհրդարանական միութեան 137-րդ վեհաժողովին:
ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Կարինէ Աճեմեանը, Խոսրով Յարութիւնեանը, Շաքէ Իսայեանը եւ Լենա Նազարեանը: