Գիւմրիի ծննդատան մէջ Հոկտեմբեր 9-ին եւ 10 ին մեծ թիւով ծնունդներ տեղի ունեցած են: 20 տարուան դադարէ ետք առաջին անգամ այստեղ լոյս աշխարհ եկած է բնական ճանապարհով բեղմնաւորուած եռեակ քոյրիկներ, յաջորդ օրը` բնական ճանապարհով լոյս աշխարհ եկած է 5 քկ․ 400 կրամ կշիռքով տղայ, որուն բժիշկները աժդահայ անուանած են: