Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնները Դեռ Անորոշ են. Սթամպուլի Նահանգապետարան Ուղարկուած Նամակը Այդպէս ալ Անպատասխան Մնաց

Պոլսոյ պատրիարքարանի կողմէ պատրիարքի ընտրութիւններու վերաբերեալ Սթամպուլի նահանգապետարան ուղարկուած նամակը այդպէս ալ անպատասխան մնաց:

Այս մասին`   ըստ “Արմէնփրես”-ի՝ տեղեկացուցած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:

«Հիմա կը փորձենք պետական մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ նոր հանդիպում ապահովել, որպէսզի անձնապէս, տեղւոյն վրայ խնդիրը ներկայացուի: Ինչպէս գիտէք, խնդրի վերաբերեալ առաջին անգամ գրաւոր նամակ ներկայացուեցաւ, նշուած էր, որ երկու ամսուան մէջ պատասխան պիտի ըլլայ, սակայն տեսաք, որ Հոկտեմբեր 9-ը վերջնաժամկէտն էր, եւ պետական խողովակէ ոչ մէկ արձագանգ եղաւ: Հիմա հնարաւորութեան պարագային անձնապէս պիտի ներկայացուի խնդիրը»,-ըսած է Բագրատ Էսդուգեան: Ան տեղեկացուցած է, որ հնարաւոր հանդիպման պիտի ներկայանայ տեղապահը:

Անձամբ տեղապահի ներկայանալուն, ինչպէս նաեւ խնդիրը բացատրելու պարագային արդեօք ինչ-որ փոփոխութիւն հաւանակա՞ն է. հարցին ի պատասխան Բագրատ Էսդուգեան նշած է, որ քիչ հաւանական կը համարէ:

«Ոչ մէկ պատասխան ալ չստացանք, ամէն ինչ կը կատարուի գործընթացը ձգձգելու ու անորոշ վիճակը պահելու համար: Այսօր խնդիրը ճգնաժամի մատնուած է: Յետագայ քայլերը դեռ պարզ չեն, սպասենք հանդիպումին»,- ըսած է Բագրատ Էսդուգեան:

Պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպչական նախաձեռնող մարմինը Սթամպուլի նահանգապետարան ուղարկուած դիմումով ներկայացուցած էր ինչպէս նախաձեռնող մարմնի կազմը, այնպէս ալ ընտրութիւններու օրը: Ընտրական գործընթացի յառաջխաղացման համար անհրաժեշտ է, որ պատասխան տրուի պատրիարքութեան նամակին եւ յանձնարարութիւն` ընտրութիւնը կազմակերպելու համար:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ 2016 թուականի Հոկտեմբեր 26-ին կայացած եկեղեցական ժողովի ժամանակ որոշուած է դիմել թրքական իշխանութիւններուն նոր պատրիարք ընտրելու արտօնութիւն տրամադրելու խնդրանքով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին