Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Աշխատակիցներու Վերապատրաստութեան Եւ Առաջին Օգնութեան Դասընթացքներ

Աւարտեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրի աշխատակիցներու վերապատրաստութեան հերթական դասընթացքը, որուն նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները՝ փոքրիկներու հոգեֆիզիքական դաստիարակութեան մէջ: Աշխատակիցներուն փոխանցուեցան 1-3 տարեկան փոքրիկներու կենսաշարժունակութիւնը զարգացնելուն ուղղուած տարբեր գործունէութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ մեթոտական ցուցմունքներ: Անոնք կատարեցին նաեւ կիրարական աշխատանքներ, ամրապնդելու համար հոգատարութեան տեսութիւններուն մասին իրենց ստացած նոր գիտելիքները:

Երեք օրերու վրայ երկարած եւ 9 ժամ տեւած վերապատրաստման դասընթացքը կատարեց Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի (USJ) վերապատրաստութեանց ծրագիրներու աւագ աշխատակից, psychomotricienne Գալին Լապաքի: Անիկա մաս կը կազմէր նոյն համալսարանին հետ Մեսրոպեանի վարժարանի գործակցութեան ընդհանուր ծրագրին, որ ուղղուած է վարժարանի անձնակազմի եւ աշակերտներու գիտա-ուսումնական յառաջդիմութեան:

 

Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ Առաջին-շտապ օգնութեան վարժողական դասընթացք մը, ղեկավարութեամբ` Լիբանանեան Կարմիր Խաչի մարզիչներուն:

Եօթ ժամ տեւողութեան դասընթացքին մասնակցեցան մանկամսուրի անձնակազմի  բոլոր անդամները՝ անխտիր: Անոր նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները եւ ամրապնդել անոնց ինքնավստահութիւնը՝ անսխալօրէն արձագանգելու որեւէ արտակարգ պատահարի, որուն կրնան ենթարկուիլ փոքրիկները մանկամսուրին մէջ գտնուելու պահուն: Դասընթացքին, աշխատակիցները փորձարկեցին իրենց ստացած ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան պատահարներ կանխարգիլելու շարք մը կանոններու:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին