Պոլսոյ պատրիարքարանի կողմէ պատրիարքի ընտրութիւններու վերաբերեալ Սթամպուլի նահանգապետարան ուղարկուած նամակը այդպէս ալ անպատասխան մնաց:
Այս մասին` ըստ “Արմէնփրես”-ի՝ տեղեկացուցած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:
«Հիմա կը փորձենք պետական մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ նոր հանդիպում ապահովել, որպէսզի անձնապէս, տեղւոյն վրայ խնդիրը ներկայացուի: Ինչպէս գիտէք, խնդրի վերաբերեալ առաջին անգամ գրաւոր նամակ ներկայացուեցաւ, նշուած էր, որ երկու ամսուան մէջ պատասխան պիտի ըլլայ, սակայն տեսաք, որ Հոկտեմբեր 9-ը վերջնաժամկէտն էր, եւ պետական խողովակէ ոչ մէկ արձագանգ եղաւ: Հիմա հնարաւորութեան պարագային անձնապէս պիտի ներկայացուի խնդիրը»,-ըսած է Բագրատ Էսդուգեան: Ան տեղեկացուցած է, որ հնարաւոր հանդիպման պիտի ներկայանայ տեղապահը:
Անձամբ տեղապահի ներկայանալուն, ինչպէս նաեւ խնդիրը բացատրելու պարագային արդեօք ինչ-որ փոփոխութիւն հաւանակա՞ն է. հարցին ի պատասխան Բագրատ Էսդուգեան նշած է, որ քիչ հաւանական կը համարէ:
«Ոչ մէկ պատասխան ալ չստացանք, ամէն ինչ կը կատարուի գործընթացը ձգձգելու ու անորոշ վիճակը պահելու համար: Այսօր խնդիրը ճգնաժամի մատնուած է: Յետագայ քայլերը դեռ պարզ չեն, սպասենք հանդիպումին»,- ըսած է Բագրատ Էսդուգեան:
Պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպչական նախաձեռնող մարմինը Սթամպուլի նահանգապետարան ուղարկուած դիմումով ներկայացուցած էր ինչպէս նախաձեռնող մարմնի կազմը, այնպէս ալ ընտրութիւններու օրը: Ընտրական գործընթացի յառաջխաղացման համար անհրաժեշտ է, որ պատասխան տրուի պատրիարքութեան նամակին եւ յանձնարարութիւն` ընտրութիւնը կազմակերպելու համար:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ 2016 թուականի Հոկտեմբեր 26-ին կայացած եկեղեցական ժողովի ժամանակ որոշուած է դիմել թրքական իշխանութիւններուն նոր պատրիարք ընտրելու արտօնութիւն տրամադրելու խնդրանքով: