ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցած է Սոչիի մէջ կայացած ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ՀՀ Նախագահը իր ելոյթին մէջ նշած է.
«Յարգելի՛ պարոն նախագահող,
պետութիւններու եւ պատուիրակութիւններու յարգելի՛ ղեկավարներ,
Նախ եւ առաջ կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ` Վլատիմիր Վլատիմիրիչ, աւանդական ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ գագաթնաժողովը նման բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:
Այսօրուան հանդիպման օրակարգը, այնտեղ ներառուած հարցերը կ՝արտայայտեն Համագործակցութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան աշխոյժ նախագահութեան արդիւնաւէտութիւնը` ուղղուած նախ եւ առաջ ԱՊՀ յետագայ զարգացման` հաշուի առնելով ժամանակակից իրողութիւններուն յարմարեցումը:
Կ՝ուզեմ անդրադառնալ, մեր տեսանկիւնէն, ԱՊՀ-ի եւ միջպետական համագործակցութեան համար արդիական քանի մը թեմաներու: Մեկնարկած են շարք մը հարցերու շուրջ առարկայական քննարկումները, որոնք արտացոլուած են յարմարեցման վերաբերեալ նախորդ տարուան որոշման մէջ: Մենք կ՝աջակցինք այդ գործընթացին, որ պէտք է իր իրական դրսեւորումը գտնէ բոլոր հնարաւոր ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեամբ հետաքրքրուած պետութիւններու համագործակցութեան մէջ:
Յաջորդ տարի կը նախատեսուի հայկական Գորիս քաղաքը յայտարարել Համագործակցութեան մշակութային մայրաքաղաք: Կը հրաւիրենք ԱՊՀ երկիրներու ներկայացուցիչները՝ մասնակցելու այն ձեռնարկներուն, որոնք եկող տարուան ընթացքին պիտի իրականացուին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի այդ հրաշալի անկիւնը:
Կ՝ուզէի նաեւ ընդգծել 2019-ը Գիրքի տարի, իսկ 2020-ը Մեծ Հայրենական պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակի տարի հռչակելու կարեւորութիւնը:
Համոզուած եմ, որ Մեծ Յաղթանակի յառաջիկայ յոբելեանը եւս մէկ առիթ է յարգելու ֆաշիզմի դէմ պայքարին զոհուածներուն յիշատակը: Հայաստանի մէջ չկայ որեւէ ընտանիք, որուն կողքով անցած չըլլայ այդ ողբերգութիւնը. առաջնագիծ զօրակոչուած իւրաքանչիւր երկրորդ հայը ետ չէ դարձած: Աստիկա նաեւ լաւ առիթ է ֆաշիզմի գաղափարախօսութեան վերակենդանացման փորձերուն, աշխարհի մէջ քսենոֆոպիայի եւ ռասիզմի տարածման դէմ համագործակցաբար հանդէս գալու համար:
Հայաստանը բազմիցս ընդգծած է միջազգային հանրութեան ջանքերու համախմբման անհրաժեշտութիւնը այնպիսի դրսեւորումներու դէմ պայքարին, ինչպէս միջազգային ահաբեկչութիւնը, ծայրայեղականութիւնը եւ կազմակերպուած յանցաւորութիւնը: Կ՝աջակցիմ համապատասխան փաստաթուղթերու ընդունման, որոնք կը կանոնակարգեն ԱՊՀ երկիրներու համագործակցութիւնը յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած եկամուտներու օրինականացման, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, թմրանիւթի եւ միջազգային բնոյթի այլ յանցագործութիւններու դէմ պայքարին:
Կ՝ուզեմ յաջողութիւն մաղթել մեր տաճիկ գործընկերներուն եւ անձամբ նախագահ Էմոմալի Ռահմոնին, որ կը ստանձնէ ԱՊՀ նախագահութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնել աջակցելու նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման` ի շահ ԱՊՀ-ի:
Շնորհակալութիւն»: