ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, այսօր, աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն` մասնակցելու Սոչիի մէջ կայանալիք ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի եւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստերուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: