Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուելու կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող նոր ժապաւէն մը, որ կը կրէ «Կարաւան 1915» խորագիրը:
Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ թրքական «Պէյազփերտէ» (Beyazperde) կայքը կը հաղորդէ, որ տեղի պիտի ունենայ «Կարաւան 1915» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն պիտի մասնակցի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշ:
Ըստ կայքին՝ թուրք բեմադրիչը կը նշէ, թէ իր ֆիլմին մէջ ինք չի փորձեր ցոյց տալ թէ ցեղասպանութիւն եղած է կամ հակառակը, այլ պարզապէս կը ներկայացնէ կառաւանի մը պատմութիւնը, որուն յանձնարարած էին Կիրեսունի մէջ ապրող 200 հայեր տեղափոխել Հալէպ եւ ընթացքին ան «անձնուիրաբար» կը պաշտպանէ իրեն «վստահուած» հայերը աւազակներու յարձակումներէն:
Ան կը շեշտէ, թէ Կիրեսունէն Հալէպ երթալու ընթացքին զանազան վայրերու մէջ ֆիլմի հերոսները ականատես կ՛ըլլան կոտորածներու տեսարաններու:
Ֆիլմին երաժշտական ձեւաւորումը իրականացուցած է Սուրէն Ասատրեան: