Հոկտեմբեր 17-էն Յունուար 17, Թեհրանի Ազգային թանգարանին մէջ Հայաստանի հնագոյն արուեստի ստեղծագործութիւններ պիտի ցուցադրուին: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը հաղորդէ Financial Tribune- ը:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի ներկայացուցիչները տարած են 103 արուեստի գործ, որոնք կը թուագրուին 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ ՔԱ 1-ին դար: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Ուրարտուի քաղաքակրթութեան հետ կապուած արուեստի գործերուն:
Ցուցահանդէսը նուիրուած է Իրանի Ազգային թանգարանի 80-ամեակին եւ կազմակերպուած է Իրանի Մշակութային ժառանգութեան եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած յուշագիրի ծիրէն ներս: