Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Թեհրանի Մէջ Կայացած է Հայաստանի Վարչապետի եւ Իրանի Նախագահի Հանդիպումը

Իրանի նախագահի նստավայրին մէջ, Հոկտեմբեր 10-ին, կայացած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ ԻԻՀ նախագահ Հասան Ռոհանիի հանդիպումը: 
Կարէն Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար եւ փոխանցած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները: «Հայաստանը շատ կարեւոր կը համարէ հարեւան Իրանի հետ ունեցած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք ունին դարաւոր պատմական լուրջ հիմքեր եւ հիմնուած են փոխադարձ շահերու վրայ: Կրնամ ուրախութեամբ նշել, որ այդ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, եւ երկկողմ համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, Հասան Ռոհանին, ողջունելով Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի այցը Իրան, յայտնած է, որ անիկա պիտի նպաստէ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու յետագայ խորացման՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ: ԻԻՀ նախագահը ընդգծած է, որ պատրաստակամ է օժանդակելու երկու երկիրներու կառավարութիւններու նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման:
Զրուցակիցները կարեւոր համարած են շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս, ուժանիւթի բնագաւառին, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, Սիւնիք եւ Արաս ազատ տնտեսական գօտիներու համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը, երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճը: 
ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է հայ-իրանական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը: Կողմերը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ու տարածաշրջանային խնդիրներուն առնչուող հարցերու: Կարէն Կարապետեան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին գծով, որ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր երաշխիքներէն է:
Իրանի նախագահը ՀՀ նախագահին ու հայ ժողովուրդին փոխանցած է իր ջերմ բարեմաղթանքներն ու բարձր գնահատած հայ համայնքին դերը երկրի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին