Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Հիւրընկալած է Հոլիվուտի Դերասան Ճոն Մալքովիչը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 10-ին, ընդունած է Արամ Խաչատրեանի անուան 5-րդ միջազգային փառատօնի բացման մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած հոլիվուտի յայտնի դերասան, սենարիստ եւ ֆիլմարտադրող Ճոն Մալքովիչը:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ողջունելով հիւրը Հայաստանի մէջ` Նախագահը նշած է, որ մեծագոյն հաճոյք է տաղանդաշատ արուեստագէտը հիւրընկալել երկրի մը մէջ, ուր շատ բարձր կը գնահատեն արուեստի ուժը, որուն ժողովուրդը դարերու ընթացքին կրցած է ստեղծել մեծ մշակութային ժառանգութիւն եւ ուրոյն ներդրում ունենալ համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման գործին մէջ:
«Գիտեմ, որ հայ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ըմբոշխնելու Ձեր արուեստի, Ձեր տաղանդի առանձնայատուկ դրսեւորում մը, ուր կը միահիւսուին երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը: Վստահ եմ, որ Ձեր մասնակցութիւնը Արամ Խաչատրեանի անուան 5-րդ միջազգային փառատօնի բացման արարողութեան միշտ պիտի մնայ հայ հանդիսատեսի յիշողութեան մէջ»,- ըսած է Հանրապետութեան Նախագահը եւ յոյս յայտնած, որ Հայաստան թէեւ կարճատեւ այցելութեան` Ճոն Մալքովիչը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեղւոյն վրայ աւելի լա՛ւ ճանչնալու Հայաստանը իր պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեամբ եւ տաղանդաշատ մարդոց մշտապէս ակնածանքով վերաբերուող հիւրընկալ հայ ժողովուրդին:
Ճոն Մալքովիչ շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան Նախագահին ջերմ խօսքերու, հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ այն աջակցութեան ու ուշադրութեան համար, որ Նախագահը կը յատկացնէ մշակոյթի զարգացման, ներառեալ` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին, որուն հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս ժամանած է Հայաստան: Յայտնի արուեստագէտը նշած է, որ անհամբեր է Երեւանի մէջ ներկայացնելու նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր բեմադրիչ Սերգէյ Սմբատեանի հետ մտայղացած համատեղ ձեռնարկը եւ յոյս յայտնած, որ անիկա սիրով պիտի ընդունուի հայ հանդիսատեսին կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին