spot_img

Սերժ Սարգսեան Ընդունած է Քեմպրիճի Գնահատման եւ Միջազգային Կրթութեան Կեդրոնի Գործադիր Տնօրէնը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 9-ին, ընդունած է Քեմպրիճի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնի գործադիր տնօրէն Մայքլ Օսալիվանը:
ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ կարեւոր համարած կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրին ծիրէն ներս Այբ կրթական հիմնադրամի ու ծրագիրի միջազգային գործընկեր Քեմպրիճի համալսարանի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնի միջեւ համագործակցութիւնը: Հանրապետութեան Նախագահին համոզումով` այդ համագործակցութիւնը Հայաստանին պիտի օգնէ նոր թափ հաղորդելու հանրակրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, որոնց նպատակն է միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող որակեալ կրթութեան տրամադրումը աշակերտներուն: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ այս նպատակին հասնելու համար Հայաստանը պատրաստ է աշխոյժ ջանքեր ներդնելու եւ վճռական սկսած է բարեփոխումները հետեւողականօրէն շարունակելու եւ տարածելու ամբողջ հանրապետութեան մէջ: Նախագահը այդ նպատակներուն իրականացման գործին մէջ կարեւոր համարած է Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրին ծիրէն ներս Արարատեան Պաքալորիայի ներդրումը` միտուած հայկական կրթական լաւագոյն աւանդոյթներու եւ ժամանակակից կրթութեան առաջատար փորձի հիման վրայ միջազգային ճանաչելի եւ մրցունակ համակարգի ձեւաւորման:

Մայքլ Օսալիվանը նշած է, որ Քեմպրիճի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնը կ՝աշխատի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու կրթական համակարգերու բարեփոխման` լաւագոյն փորձի տեղայնացումով` ոչ կրկնօրինակումով, նոր կրթական համակարգ ձեւաւորելու ուղղութեամբ եւ անոր խօսքով, Հայաստանի մէջ ստեղծուած են լաւագոյն հիմքերը նման բարեփոխումներու իրականացման համար: Քեմպրիճի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնի գործադիր տնօրէնը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ` ի դէմս Այբ կրթական հիմնադրամին՝ իրենք ունին լաւ գործընկեր, որուն հետ համագործակցութեամբ հնարաւոր է իրականացնել անհրաժեշտ բարեփոխումները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին