Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Ընդունած է Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան եւ Համագործակցութեան Ռուսաստանեան Ընկերակցութեան Նախագահը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 9-ին, ընդունած է Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսաստանեան ընկերակցութեան նախագահ Վիքթոր Գրիւոբուսքովը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Հանդիպման ընթացքին՝ Վիքթոր Գրիւոբուսքովը Հանրապետութեան Նախագահին ներկայացուցած է իր գլխաւորած կազմակերպութեան գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները` մանրամասն խօսելով յատկապէս յառաջիկային Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակութային օրերու կազմակերպման ուղղութեամբ ձեռնարկուող աշխատանքներուն մասին: 

Ձեռնարկը պիտի իրականացուի մշակոյթի ոլորտին մէջ 2016-2018-ին ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս: Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսաստանեան ընկերակցութեան նախագահը Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուցած է, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթային օրերուն ծիրէն ներս՝ մայրաքաղաքէն բացի՝ ձեռնարկներ պիտի իրականացուին նաեւ Ռուսիոյ տարածաշրջաններուն մէջ:

Հանրապետութեան Նախագահը ողջունած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու խորացման ու երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած ռուսաստանեան ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ մաղթած յաջողութիւններ: Նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի պետական կառավարման մարմինները ամենայն օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերեն ընկերակցութեան` վերոնշեալ նախաձեռնութիւններու իրականացման գործին մէջ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին