spot_img

ՀՀ Վարչապետը եւ Իրանի Առաջին Փոխանախագահը Քննարկած Են Երկկողմ Տնտեսական Համագործակցութեան Ընդլայնման Ուղղուած Հարցեր

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի հրաւէրով, պաշտօնական այցով, Հոկտեմբեր 9-ին, ժամանած է Իրան: ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Թեհրանի Մեհրապաղ օդակայանին մէջ, պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն ետք, վարչապետ Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է ԻԻՀ թագաւորական Սաատապատ պալատ, ուր կայացած է Կարէն Կարապետեանի եւ Էսհաղ Ճահանկիրիի հանդիպում-առանձնազրոյցը:

ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար ու մէկ անգամ եւս շնորհաւորած Էսհաղ Ճահանկիրին Իրանի նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնին վերանշանակուելու առիթով: Վարչապետը բարձր գնահատած է բարեկամ Իրանի հետ ձեւաւորուած սերտ, բարիդրացիական յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակեն զարգանալ փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ: «Լիայոյս եմ, որ այս հանդիպումէն ետք մենք նոր շունչ պիտի հաղորդենք մեր համագործակցութեան եւ մեր օրակարգին մէջ գտնուող բոլոր ծրագիրներուն: Տնտեսական համագործակցութեան անդրադառնալով` պէտք է նշեմ, որ անիկա զգալիօրէն կը զիջի մեր երկիրներու միջեւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան: Սակայն, աւելի քան վստահ եմ, որ կրնանք նոր յաջողութիւններ արձանագրել մեր համագործակցութեան տնտեսական հարթութեան մէջ»,- նշած է Կարէն Կարապետեան: 

ԻԻՀ առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանգիրին շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին իր հրաւէրը ընդունելուն, Իրան այցելելուն համար ու բարձր գնահատած երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը: Էսհաղ Ճահանգիրին կարեւոր համարած է երկու հարեւան ու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ տնտեսական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ վարչապետ Կարապետեանի պաշտօնական այցը պիտի նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան ալ աւելի աշխուժացման ու ընդլայնման: 

Կողմերը համակարծիք էին, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնելու հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովին աշխատանքները` համաձայնելով մօտ ժամանակներս իրականացնելու հերթական` 15-րդ նիստը:
ՀՀ վարչապետը եւ Իրանի առաջին փոխնախագահը նաեւ անդրադարձած են տարածաշրջանային զարգացումներուն: Այս ծիրէն ներս՝ Կարէն Կարապետեանը շնորհակալութիւն յայտնած է իրանական կողմին ԼՂ հիմնահարցով հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար: 

Կարէն Կարապետեան Էսհաղ Ճահանգիրիին պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան, որ սիրով ընդունուած է: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին