Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենաապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի Յիշարժան Այցը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարան

Սեպտեմբերը՝  հայ ժողովուրդին համար անկախութեան, վերամուտի, վերակազմակերպման ու վերազարթօնքի ամիս է, իր բնորոշ դրական յատկութիւններով:

Հոկտեմբերը՝  գաղափարի ստեղծման ու անոր յաղթական երթի շառաւիղը սփռող, Ռամկավար միտքին ու գաղափարին հաւատարիմ մնալու երդմնառութեան եւ ուխտի հաւատաւոր ամիս է:

Հոկտեմբեր 1, 1921-ը ռամիկին համար ազատականութեան իտէալ գաղափարի վահանը դարձաւ, զայն ամրօրէն պահելու համար:Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միշտ հաւատացած է անհատին ազատ կամքին եւ այդ կամքին իմաստուն կերպով օգտագործման. դրսեւորելով քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն:

Արդարեւ, ՌԱԿ-ը  հայ անհատի իրականութեան մէջ, ազատական գաղափարի ու անոր աւիշի սրսկման այն հարթակը դարձաւ, ուր ան  արարեց ու ստեղծագործեց. սատար հանդիսացաւ հայու մարդակերտումին ու հայակերտումին ու տակաւին պիտի շարունակէ բերքատու ըլլալ. քանի որ հայ երիտասարդը իր ազատ ոգին, կամքը, եւ ռամկական քայլերը խրոխտաբար ի սպաս պիտի դնէ հայապահպանման ու կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան հովանիին տակ գործող  Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանին համար,  Հինգշաբթի 5 Հոկտեմբեր 2017 յիշարժան օր մը եղաւ, քանզի  անոր հիւրն էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, որուն կ’ընկերակցէին  ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, նոյն վարչութեան անդամ՝ ընկ. Էտի Պահատրեան եւ Վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան:

Ձախէն՝ ընկերներ՝ Էտի Պահատրեան, Յակոբ Գասարճեան, Սերխիօ Նահապետեան, Կալինա Նաճարեան, Յովիկ Վարդանեան եւ Աւետիս Տաքեսեան

Վարժարանիս Տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան ընդունելով պատուարժան հիւրը ու անոր ընկերակցողները, զայն ծանօթացուց վերազարդուած դպրոցին տարբեր տարիքային եւ ուսումնավարժական բաժանմունքներու դասարանները. ուր ան շրջելով, ծանօթացաւ աշակերտներուն ու անոնց հետ մօտէն շփուելով վեր հանեց իր համեստ նկարագիրի տէր անձ ըլլալու պատիւը:

Մեծայարգ ատենապետը նաեւ ծանօթացաւ Լիբանանեան կրթական համակարգին ու անոր ուսումնական մեթոտաբանութեան, զայն համեմատելով Արժէնթինեան կրթականին հետ: Ինչպէս նաեւ հրապուրուեցաւ Վարժարանիս ճարտարապետական կառոյցով, ու անոր ներս խմորուող  հայակերտման ու հայապահպան գործընթացներով: Ան քաջալեր, ջատագով եւ շնորհակալ եղաւ ուսուցչակազմին եւ տնօրէնութեան, որ այս դժուարին ու ծանր հանգրուաններուն կը պայքարին պահել հայկական վարժարանը ի գին ամէն զոհողութեանց:

Ընկ. Նահապետեանը հաստատեց որ մեր բոլորին կեդրոնացումը պիտի ըլլայ վարժարանի նիւթաբարոյական նեցուկը կրկնապատկել, որպէսզի դպրոցը շարունակէ իր յաղթական երթը դէպի նորանոր նուաճումներ:

 

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
 Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին