Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Շահագրգռուած է Ստեղծելու Այնպիսի Միջավայր, Ուր Երիտասարդները Պիտի Կարենան Դրսեւորուիլ. Կարէն Կարապետեան

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայ եղած է Երեւանի մէջ Ազգային մրցունակութիւն. ձեւաւորէ՛ առաւելութիւնդ խորագիրով իրականացուող Համաշխարհային տնտեսական Shape Eurasia-2017 համաժողովի աշխատանքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ողջունելով համաժողովին իրականացումը մեր երկրին մէջ` վարչապետը գոհունակութեամբ նշած է, որ Global Shapers երեւանեան կեդրոնը, գործունէութեան 5 տարիներուն ընթացքին, կայացած է ու պատիւ ունի հիւրընկալելու համաժողովի մասնակիցները: «Արդէն 47 տարի է Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը ստեղծած է այս հարթակը, ուր տնտեսական, գործարար միջավայրի մէջ կը քննարկուի, թէ ինչպէս ունենալ աւելի բարեկեցիկ եւ զարգացող աշխարհ: Ասիկա այն հարթակն է, ուր կը ձեւաւորուին այսօրուան օրակարգը, նորարարութիւնները, ինչպէս օրինակ` չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը կամ առաջիկայ Davos 2018-ի գլխաւոր թեման: Կը կարծեմ` դուք ունիք հրաշալի հեռանկարներ, բոլորդ երիտասարդ էք, լի ուժով, դո՛ւք ձեւաւորած էք ձեր եսը եւ հանդիպելով այստեղ` կրնաք մտքեր, փորձ փոխանակել, ձեւաւորել կապեր ու մասնակցիլ այսօրուան օրակարգերուն, ձեւաւորել վաղուան օրը»,- նշած է Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետի խօսքով` ՀՀ կառավարութիւնը չափազանց շահագրգռուած է ստեղծելու այնպիսի միջավայր, ուր երիտասարդները պիտի կարենան դրսեւորուիլ, ըլլալ յաջողակ, մասնակցիլ սեփական երկրի զարգացման գործին:

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի  նախաձեռնութիւնը համարուող Global Shapers Community-ի նպատակն է համախմբել երիտասարդ առաջնորդները աշխարհի մէջ իրավիճակը բարելաւելու գաղափարին շուրջ: Անիկա կազմակերպուած է ցանցային կեդրոններու ձեւաչափով, որոնց գործունէութիւնը միտուած է տեղական ազդեցութիւն ունեցող ծրագիրներու ստեղծման: Shaper-ներու համայնքը կը ներառէ աշխարհի 170 երկիրներէ աւելի քան 6800 երիտասարդ առաջնորդ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին