Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հայ եկեղեցւոյ մէջ կանանց ունեցած դերին եւ դիրքին առնչութեամբ շուրջ 25 տարի առաջ հրատարակեցի «Հայ Եկեղեցու Սարկաւագուհիները» խորագրով աշխատասիրութիւնս, որ ապա Peter Cowe-ի անգլերէն թարգմանութեամբ կրկին լոյս տեսաւ Նիւ Եորքի մէջ 1994 թուականին։ Այդ ժամանակ, արդէն քիչերուն մէջ հեռուն տեսնող քանի մը անձերէն մէկն էր Հրաչ Չիլինկիրեանը, որ զիս համոզումներուս եւ նախաձեռնութիւններուս մէջ անկեղծ քաջալերող մը հանդիսացաւ։ Սակայն եկեղեցւոյ ծիրէն ներս կարծր պահպանողականներու միջնադարեան խաւարամտութիւնը ջղուտ հալածանք մը մեկնարկեց լաւատեսութիւն ներշնչող մեր բոլոր փորձերուն դէմ։ Բաց աստի, առաւել եւս վհատեցուցիչ էր կանանց անտարբերութիւնը եկեղեցիին մէջ դարերու ընդմէջէն իրենց ձեռք բերած երբեմնի իրաւունքներուն տէր կանգնելու կամ նուազագոյնը՝ բոցավառելու այն վերջին առկայծումները, որոնք վերջնականապէս հանգելէ առաջ՝ դեռ աւանդութեան մոխիրներուն տակ կը կայծկլտային։
«Ընտանիքը կը կազմուի առն ու կնոջ գործակցութեամբ։ Ազգն ալ, որ մեծ ընտանիք մըն է, կը կարօտի նոյնպէս կնոջ նպաստին, որ իր լրացուցիչ ու յաւերժացուցիչ մասն է: Հետեւաբար, չկայ ճշմարիտ քաղաքակրթութիւն այն ժողովրդոց մէջ, ուր արարչագործութենէն աստ «օգնական» նշանակուած կինը չի բռներ իր արժանաւոր դիրքը, չի բերեր իր փափուկ ձեռաց օժանդակութիւնը առնական կորովի բազկին, եւ չի դրոշմեր իր կրթիչ, ամոքիչ եւ ազնուացուցիչ ազդեցութիւնը, թէ առտնին եւ թէ ընկերային կենցաղին վրա՛յ։ Եւ ոչ ալ մեք՝ առանց քաջ տեղեկանալու Հայ կնոջ ունեցած դերին ազգիս անցելոյն մէջ, կարող ենք ճանաչել եւ ցոյց տալ օտարաց՝ չափը մեր հինաւուրց քաղաքակրթութեան՝ որով կը պարծինք»,– պիտի ըսէր երջանկայիշատակ Հ. Վարդան Հացունին։
Արդարեւ, պատմական այն մեծ դէմքերուն՝ Նուարդներու, Տիգրանուհիներու, Զարուհիներու, Համազասպուհիներու, Փառանձեմներու, Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց կուսանաց, Շուշանիկ Մամիկոնեաններու, Վարդանանց փափկասուն, բայց դարերուն ընդմէջէն տողանցող հայոց արիասիրտ տիկիններու՝ Այծեմնիկներէն եւ Սօսէ մայրիկներէն, մինչեւ Ղարաբաղի ազատագրական գոյամարտերուն իրենց վարդագոյն արիւնը հեղած բազմաթիւ հերոսուհիներուն ժառանգորդները, ինչպէ՞ս սեփական եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ մղուած կրնային ըլլալ նկուն դիրքերու վրայ՝ սահմանափակուելով ընդամէնը եկեղեցասէր տիկնանց միութիւններու խոհանոցային, ասեղնագործական, կարկտանային, կամ առաւելագոյնը՝ այս կամ այն եկեղեցանպաստ ձեռնարկին համար դրամահաւաք կազմակերպելու աշխատանքներով։
Հայ եկեղեցւոյ ոսկեման ու շքեղ շուրջառներէն եւ պարեգօտէն միթէ լոկ քանի մը այս ծուէննե՞րը մնացեր են ծածկելու համար հայ կնոջ հոգեւոր մերկութիւնը։ Ան, որ հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացման համար որքա՜ն երախտաշատ ներդրում ունեցած է, իսկ կաթոգին աւանդ՝ սերունդներուն հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն ջամբելու սրբազան պարտականութեանց մէջ։ Պատմութեան ամեհի փոթորկումներուն մէջ հայ կնոջ էութիւնը դարձեր է անպարտելի եւ առաքինի մայրութեան մարմնացում մը, որ կրնայ փոխարինել խաչի արիւնաներկ ոտքին փաթթուած, ցաւագին ահագին աղաղակներով ու յորդահոս արցունքներով իր Որդւոյն մահը ողբացող Աստուածամօր, բայց միեւնոյն ատեն դոյզն իսկ չափով իր դիրքը կրնայ չզիջիլ համաշխարհային պատմութեան մէջ այն օրինակելի հերոսուհիներուն, երբ վտանգուած է հայրենիքը եւ իր ցեղին անբռնաբարելի արժանապատուութիւնը։
Հայ կնոջ առաքելութիւնը եկեղեցւոյ մարզէն ներս բոլորովին այլ մակարդակի մը վրայ ըլլալու էր։ Եւ քանի որ, փաստօրէն, մեր պատմութիւնը գրողները մեծ մասամբ այրեր եղած են, նաեւ՝ առաւելաբար հոգեւորականներ, հայ կնոջ, լաւագոյն պարագային, վերապահած են համապատասխան դիրք մը աւելի իր ընտանեկան միջավայրին, քան ընկերային-հասարակական կամ եկեղեցական ասպարէզին մէջ։
Այսօր, կինը Հայ եկեղեցիին կողմէ իրեն շնորհուած ո՛չ մէկ լուրջ տուչութիւն ունի՝ մասնակցիլ կարենալու համար եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան, ո՛չ մէկ խորհըրդական պաշտօն՝ արդիւնաւորելու համար իր հաւատքը Տիրոջ խորախորհուրդ ներկայութեան առջեւ համախմբուած համայնքին մէջ։
Հիմա ուրախ եմ, որ առիթը ունեցայ առկայ աշխատասիրութիւնս անգամ մը եւս վերանայելու, մատենագիտական նոր տուեալներով զայն ընդլայնելու եւ միեւնոյն ատեն նիւթին ժամանակահունչ հնչեղութիւն մը տալու։ Լիայոյս եմ, որ մօտ ապագային կարելի պիտի ըլլայ զայն ներկայացնել ընթերցասէր հասարակութեան ուշադրութեան։
Բայց այժմ այս մասին պիտի չուզէի զեկուցել, այլ ձեզի պատմել միջադէպ մը, որ կատարեալ ողբերգակատակերգական իրողութեան մը դրսեւորումն է՝ առնչուած խնդրոյ առարկայ նիւթին հետ։
Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ էր Ս. Զատկուան տօնական պատարագին։ Կը մօտենար հաղորդութեան պահը, երբ ժողովուրդը ընդհանրական խոստովանանքի արարողութենէն ետք՝ կը փութար եկեղեցւոյ մուտքէն մինչեւ խորան երկարող տարածքին մէջ խառն ի խուռն շարք կազմել եւ մէկը միւսին ետեւէն յառաջանալ դէպի խորան, ուր ես երկու սարկաւագներու առընթերակայութեամբ ծունկի եկած ու մասնաւոր երկիւղով մը համակուած՝ հաղորդութիւն կու տայի հաւատացեալներուն։
Հակառակ անոր, որ բազմաթիւ առիթներով համայնքիս մէջ յորդորած էի յարգել իւրաքանչիւր կնոջ անձնական ազատ որոշումը, թէ հաղորդութիւն առնելու ժամանակ կ’ուզէ՞ գլուխը քօղով ծածկել թէ ոչ, չես գիտեր ինչու, եկեղեցւոյ վարչութեան այս կամ այն անդամը, քօղերու տրցակ մը ի ձեռին, ժողովուրդին մէջ կը շրջէր, եւ նկատելի նախանձայուզութեամբ մը ծածկել կու տար գլուխը մասնաւորաբար այն օրիորդներուն եւ տիկիններուն, որոնք շարք կը մտնէին Ս. Հաղորդութիւն ստանալու համար։
Այս առթիւ, ինքզինքիս միշտ հարց տուած էի, թէ հերարձակ կնոջ մը ներկայութեան ո՞վ պիտի ըլլար գայթակղողը,– մեղա՜յ, մեղա՜յ,– արդեօք հաղորդութիւնը մարմնաւորո՞ղը, հաղորդութիւնը մատուցանո՞ղը, թէ՞ եկեղեցական վարչութեան այդ ներկայացուցիչը։ Ստո՛յգ՝ վերջինը։ Եւ ինչո՞ւ համար կինը պէտք է ըլլար իր գլուխը ծածկողը եւ ոչ այր մարդը, երբ հարցը սրբութեան հանդէպ մասնաւոր երկիւղ եւ պատկառանք ցուցաբերելուն կը վերաբերի։ Կամ՝ ինչո՞ւ ոչ երկո՛ւքն ալ, առանց սեռերէն մեկը կամ միւսը տեսակ մը խտրականութեան ենթարկելու։
Ինչ որ է, վերադառնալով նիւթին, ուշադրութենէս չվրիպեցաւ այն պահը, երբ եկեղեցական վարչութեան անդամներէն մէկը խռնուած բազմութիւնը հրմշտկելով՝ յառաջացաւ եւ հաղորդութիւն ստանալէ պահ մը առաջ, բառին բուն իմաստով, գլխաշորով մը,– քանի իր ձեռքի քօղերուն տրցակը սպառած էր,– բռնի ծածկեց մազերը մինչեւ իր ուսերը երկարած անձի մը գլուխը։ Վերջինս, սաստիկ զարմացած, բնազդաբար իր գլուխը արագ մը շրջեց՝ ստուգելու համար, թէ ի՞նչ էր կատարուածը։ Յանկարծ, կրօնից եւ կարգաց եկեղեցւոյ մեր նախանձայոյզը «ա՜հ» մը արձակեց, եւ քայլ մը ետ ցատկելով, ափ ի բերան, պահ մը մնաց իր տեղը անշարժ՝ անսպասելի իրականութենէն շանթահար։
Երիտասարդը, որ առատ մազեր ունէր եւ թերեւս ալ աւելի քան տարի մը սափրիչի քով չէր գացած, օժտուած էր նաեւ խիտ մօրուքով մը, զոր նախապէս մեր եկեղեցական վարչութեան նախանձայոյզ անդամը չէր տեսած։
Եղերակատակերգական պահուն ազդեցութեան տակ, արդարեւ, դժուար էր կողմնորոշուիլ՝ խնդա՞լ, թէ՞ ողբալ։ Ակամայ կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս պատահած էր, որ այս տեսակ մարդիկ, զորօրինակ՝ Պանկլատեշի ուղղութեամբ երկիր մը երթալու փոխարէն, եկած եւ հաստատուած էին Ժընեւ, Փարիզ, Լոնտոն, Նիւ Եորք, Թորոնթօ, նաեւ այլուր, ու հայկական տեղւոյն համայնքներուն վրայ, եւ յատկապէս հոս ծնած ու հասակ առած նոր սերունդին, կը պարտադրէին կրել հնամաշ այն տարազը, որ իրականութեան մէջ ամենեւին տոհմիկ հայկական ալ չէր, այլ դարերու հոլովոյթին մէջ, օտար տիրապետութիւններու շրջանին, ազդեցութիւնն էր ինչ-որ պարսկական, թուրանական, թերեւս ալ սեմական մշակոյթին։
Աստուածաշունչը պէտք է կարդալ իր ազատարար, արարածը Արարչին մօտեցնող, մարդը մարդկային իր միջվայրին մէջ աւելի մարդացնող իր հիմնարար պատգամին ու տարողութեան, Աստուծոյ հանդէպ մարդուն ունեցած հաւատքի փորձառութեան, ճշմարիտ սիրոյ փոխյարաբերութեան, սրբութեան եւ վեհութեան մէջ։ Ա. Կորնթ. ԺԱ, 2-16 համարները գրող Պօղոս առաքեալը նոյն կորնթացիներուն ուղղուած իր Բ. թուղթին մէջ միաժամանակ էական պատգամ մը փոխանցած է. «Ո՛չ գրով, այլ հոգո՛վ, զի գիրն սպանանէ, այլ հոգին`կեցուցանէ»։ «Ո՛չ գիրով, այլ հոգիո՛վ, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, այլ հոգին՝ կ’ապրեցնէ» (Բ. Կորնթ. Գ, 6)։
Սոյնը պէտք է ըլլայ կողմնորոշիչ եւ հիմնական սկզբունք մը Աստուածաշունչը ըմբռնելու եւ անոր էական պատգամները նոր աշխարահայեացքներուն եւ ընկալումներուն համապատասխանեցնելու, այլապէս` զանոնք ճշմարիտ հաւատքով վերածելու Աստուածաշունչին համահունչ։
Այսպէ՛ս պէտք է կարդալ Աստուածաշունչը եւ զայն թարգմանել առօրեային մէջ։ Հարկ է զայն ապրեցնել ժամանակի ոգիին եւ գիտակցութեան համապատասխան եւ հաղորդակից դարձնել մարդիկը անոր անժամանցելի ճշմարտութիւններուն։ Այլապէս՝ կրօնքը երկսայրի սուր մըն է. անոր սխալ մեկնաբանումը դիւրութեամբ կրնայ պատճառ դառնալ հոգեկան խանգարումներու յառաջացման, իսկ շատերու մօտ՝ ծանր կաշկանդումներու եւ կործանարար բարդոյթներու։ Ծրագրուած նպատակով չարափոխուած որեւէ կրօնք,– իրողութիւն մը, որ դժբախտաբար կ’ապրինք անձնասպանական ահաբեկչութիւններով լի մեր օրերուն,– կրնայ իսկոյն վերածուիլ զէնքի, դառնալ վտանգաւոր միջոց մը անասելի ոճիրներու եւ կործանումի։
Բայց այս ամբողջ նկարագրութեան եւ վերլուծումներուն հետ ամենահետաքրքրական փաստը այն էր, որ եկեղեցական վարչութեան այդ նոյն ներկայացուցիչը յաջորդ Կիրակի, քօղերու նոյն տրցակը ձեռքին, նորէն կը շրջէր հաղորդութիւն առնելու համար խորանին մօտեցող բազմութեան մէջ։
Ժընեւ






