Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Է ԱՄՆ Քալիֆորնիա Նահանգի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

 

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը իր վերջին նիստին ընթացքին ընդուներ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն մս կազմած են Սքոթ Ուլիքը, Ատրին Նազարեանը, ՏանթԷ Աքոստան, Լորա Ֆրիտմանը, Մարք Լևինը: Պատուիրակութեանը կ՛ուղղեկցէին ամերկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն, հիւրերուն իր աշխատասենեակին մէջ ողջուներ է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը և ընդգծեր՝ Քալիֆորնիա-Արցախի Հանրապետութեան առանձնայատուկ բարեկամական յարաբերութիւններու և տարբեր մակարդակի պատուիրակութիւններու հետ աւանդոյթ դարձած հանդիպումներու կարևորութիւնը: Անդրադառնալով Քալիֆորնիայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչմանը՝ խորհրդարանի նախագահը նշեր է. «Համոզուած եմ, որ այդ որոշման հիմքի մէջ եղած է Քալիֆորնիայի ժողովուրդի և անձամբ ձեր յարգանքը, ազատութեան համար Արցախի ժողովուրդի պայքարի, անկախութեան ճանապարհին արձանագրած յաջողութիւններու և տարածաշրջանի խաղաղութիւն պահպանելու հարցի նկատմամբ,  իր ունեցած դերի հանդէպ»:

Այնուհետև ԱԺ նիստերու փոքր դահլիճի մէջ տեղի ունեցեր է պատուիրակութեան հանդիպումը խորհրդարանի խմբակցություններու պատասխանատուներու հետ, որու ընթացքին մասնակիցները միտքեր փոխանակեր են 2016 թուականի Ապրիլէն  յետոյ Արցախի մէջ  ներկայ  իրավիճակի, տարածաշրջանի անվտանգութեան ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու, տարբեր ոլորտներու մէջ գործնական կապերու, մասնաւորապէս կրթական համակարգի մէջ  հնարաւոր համագործակցութեան հարցերու շուրջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած են խորացնելու համայքներու մակարդակով ձևաւորուած փոխգործակցութիւնը:

Խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասնակցեր են ԱԺ նախագահի տեղակալ Վահրամ Պալաեանը և ԱՀ ԱԳ փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեանը:

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի ծերաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը և  Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը  ճանչցող բանաձև ընդուներ է 2014 թուականի Օգոստոս 28-ին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին