Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Սերժ Սարգսեան Ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 6-ին, ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրիւ Շէֆըրը (ԱՄՆ), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու հնարաւորութիւնները, ներառեալ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման կազմակերպման վերաբերեալ հարցերը, անդրադարձած ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակին: 

Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր համարած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած յանձնառութիւններուն կողմերու հաւատարմութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին