Աշխատանքային այցով Հոկտեմբեր 7-ին Սիւնիք այցելած Նախագահ Սերժ Սարգիսեանը մասնակցած է մարզին մէջ առաջին անգամ կատարուած Սպարապետի օրուան նուիրուած միջոցառումներուն:
Հանրապետութեան Նախագահը միջոցառումներու ընթացքին այցելած է Խնձորեսկ համայնքի մէջ գտնուող Մխիթար Սպարապետի գերեզմանը, ծաղիկներ դրած և յարգանքի տուրք մատուցած է Սպարապետի յիշատակին, իսկ երեկոյան ներկայ գտնուած է օրուայ խորհուրդի խորքը կազմակերպուած կալա համերգին:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, Խնձորեսկի Սպարապետի օրուան նուիրուած բազմաբնոյթ միջոցառումները ուղղեկցուեր են ժողովրդական տոնախմբութեամբ, երգ ու պարով, աւանդական տարբեր մարզաձեւերու ընդմէջէն մրցոյթներով:
Սիւնիքի մարզ կատարած այցի ծիրէն ներս Հանրապետութեան Նախագահը այցելած է Գորիսի մէջ գտնուող Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը: Նախագահին ներկայացուցած են, որ 2012-2014 թուականներու ընթացքին թանգարանի մէջ կատարուած են հիմնանորոգման աշխատանքներ, բարեկարգուած ու նորոգուած է ցուցասրահը, ամբողջովին փոխուած են շարժական ցուցադրական վահանակները, ցուցափեղկերը, աւելցուած են նոր ցուցադրանմոյշներ:
Հանրապետութեան Նախագահը Գորիսի մէջ ծանօթացած է նաև հիմնանորոգուող «Գորիս» հիւրանոցի պայմաններուն:






