Շաբաթ, 20. 09. 2025

spot_img

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Կրթական Տարեշրջանը Կը Սկսի Ծառայութեան Վերանորոգ Շունչով

2017-ի Հոկտեմբերի 3-ը վերամուտի օր էր, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն համար: Վերամուտի տրամադրութեան մէջ էին նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն հետ ներկայացած էին մանկապարտէզ, նշելու համար կրթական նոր տարեշրջանի սկիզբը:

Այս առիթով, կայացած հաւաքին խօսք առաւ՝ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը հաղորդեց, որ Մեսրոպեան մանկապարտէզը իր դռները կը վերաբանայ վերանորոգուած տեսքով ու շունչով, որ կ՛արտայայտուի երկու երեսներով՝ ֆիզիքական եւ բարոյական: Ան դիտել տուաւ, որ մանկապարտէզի դասարանները հիմնովին ենթարկուած են վերազինման՝ բարելաւելու համար աշակերտներու կրթական եւ դաստիարակչական միջավայրը, մինչ մանկապարտէզի ուսուցչուհիները կը վերադառնան իրենց գործին՝ առաւել պատրաստուած: Ուսուցչուհիներու ամառնային վերապատրաստումը, ինչպէս անցած տարիներուն, կատարուեցաւ Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի մասնագէտներուն կողմէ: Պարոն Գալուստ շեշտեց, որ Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը մանկապարտէզին կը շնորհէ մասնայատուկ ուշադրութիւն, քաջ գիտակցելով, որ մանուկներու կրթական հետագայ կեանքը մեծապէս պայմանաւորուած է նախադպրոցական տարիքին ստացած ֆիզիքական, բարոյական եւ ուսումնական կազմաւորումով:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին