ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 6-ին, ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրիւ Շէֆըրը (ԱՄՆ), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու հնարաւորութիւնները, ներառեալ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման կազմակերպման վերաբերեալ հարցերը, անդրադարձած ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակին:
Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր համարած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած յանձնառութիւններուն կողմերու հաւատարմութիւնը:






