Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Նախագահ Սարգիսեանը Մասնակցեր Է Սիւնիքի Մէջ Առաջին Անգամ Կատարուած Սպարապետի Օրուան Նուիրուած Միջոցառումներուն

 

Աշխատանքային այցով Հոկտեմբեր 7-ին Սիւնիք այցելած Նախագահ Սերժ Սարգիսեանը մասնակցած է մարզին մէջ առաջին անգամ կատարուած Սպարապետի օրուան նուիրուած միջոցառումներուն:

Հանրապետութեան Նախագահը միջոցառումներու ընթացքին այցելած է Խնձորեսկ համայնքի մէջ գտնուող Մխիթար Սպարապետի գերեզմանը, ծաղիկներ դրած և յարգանքի տուրք մատուցած է Սպարապետի յիշատակին, իսկ երեկոյան ներկայ  գտնուած է օրուայ խորհուրդի խորքը կազմակերպուած կալա համերգին:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են  ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, Խնձորեսկի Սպարապետի օրուան նուիրուած բազմաբնոյթ միջոցառումները ուղղեկցուեր են ժողովրդական տոնախմբութեամբ, երգ ու պարով, աւանդական տարբեր մարզաձեւերու ընդմէջէն  մրցոյթներով:

Սիւնիքի մարզ կատարած այցի ծիրէն ներս Հանրապետութեան Նախագահը այցելած է Գորիսի մէջ գտնուող Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը: Նախագահին ներկայացուցած են, որ 2012-2014 թուականներու ընթացքին թանգարանի մէջ  կատարուած են հիմնանորոգման աշխատանքներ, բարեկարգուած ու նորոգուած է ցուցասրահը, ամբողջովին փոխուած են շարժական ցուցադրական վահանակները, ցուցափեղկերը, աւելցուած են նոր ցուցադրանմոյշներ:

Հանրապետութեան Նախագահը Գորիսի մէջ  ծանօթացած  է նաև հիմնանորոգուող «Գորիս» հիւրանոցի պայմաններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին