ՀՀ կառավարութիւնը, Հոկտեմբեր 5-ին, գումարած է հերթական նիստ, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը: Նախքան օրակարգային հարցերուն քննարկումը` վարչապետը տուած է շարք մը յանձնարարականներ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Առաջինը կը վերաբերէր կաշառակերութեան դէմ ոլորտէն ներս միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման: «Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, այդ ոլորտէն ներս, մեր կողմէ նախաձեռնուած եւ իրականացուած են շարք մը առարկայական օրէնսդրական եւ գործնական փոփոխութիւններ: 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին համար իրականացուած ձեռնարկները պիտի գնահատուին շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ: Մասնաւորապէս, պիտի գնահատուին Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան կաշառակերութեան դէմ գործողութիւններու եւ ՄԱԿ-ի Կաշառակերութեան դէմ համաձայնագիրին ծիրէն ներս կատարուած աշխատանքները»,- նշած է վարչապետը:
Հաշուի առնելով վերոնշեալին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ նշուած փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած առաջարկները միջգերատեսչական բնոյթ ունին` Կարէն Կարապետեանը յանձնարարած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարին ամփոփել եւ իրեն ներկայացնել առաջարկ համապատասխան պետական մարմիններուն կողմէ կատարման ենթակայ գործողութիւններու ապահովման վերաբերեալ: Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարին յանձնարարուած է՝ արդարադատութեան նախարարին ներկայացուցած տեղեկատուութեան հիման վրայ՝ նախապատրաստել վարչապետի յանձնարարականին նախագիծը` բոլոր շահագրգիռ մարմիններուն կողմէ յստակ ժամկէտներու մէջ իրենց իրաւասութեան ներքոյ գտնուող գործողութիւններուն կատարման վերաբերեալ: Վարչապետը յորդորած է՝ գործողութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալ՝ սահմանել խիստ հսկողութիւն եւ պարբերաբար զեկուցել իրեն: