Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը Արամ Ա. Վեհափառին Մօտ

Հինգշաբթի 5 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի վանքի իր նստավայրի գրասենեակին մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը: ՌԱԿի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան:

Խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող հարցերու վրայ: Տեսակէտները նոյնանման էին եւ մտահոգութիւննները` նոյնը: Արամ Ա. Վեհափառը կարեւորեց Հայ աւանդական կուսակցութիւններու դերը պատմութեան ընթացքին` Հայ Սփիւռքի քաղաքական միտքը կազմաւորելու աշխատանքին մէջ: Ան շեշտը դրաւ միասնական եւ միակամ գործելաձեւի կարեւորութեան վրայ միասնաբար դիմակալելու Հայ ժողովուրդին սպառնացող մարտահրաւէրներուն: Ընկ. Նահապետեան իր կարգին բարձր գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերն ու առաքելութիւնը: Ակնարկելով անցեալին վերաբերող տխուր եղելութիւններուն, ան շեշտեց թէ կեանքը սառած պատկեր մը չէ, այլ շարժանկար եւ անառողջ գտաւ հին պատկերին մէջ սառած մնալու եւ անցեալը ապրիլ յամառող կարգ մը մարդոց մտայնութիւնը:

Անդրադարձ եղաւ Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համագումարին, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: ՌԱԿի պատուիրակութիւնը բաժնեց այն միեւնոյն հարցականները, որ Արամ Ա. Վեհափառը ունի Համահայկական Խորհուրդի մը կազմութեան վերաբերեալ: Շեշտը դրուեցաւ անոր դերին, տեսիլքին, գործելադաշտին եւ կանոնագրութեան յստակութեան կարեւորութեանը վրայ, զորս տակաւին երկար քննարկումի կը կարօտի:

Աւարտին Արամ Ա. Վեհափառը յաջողութիւն մաղթեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ու անոր գլխաւորած վարչութեան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր դիմակալած դժուարին օրերու ընթացքին դէպի ապահով ափեր նաւարկելու իր աշխատանքին մէջ կարեւորելով անոր պատմական դերն ու անոր ազգային ու գաղափարական տեսլականը ապագայի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին