Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Կաշառակերութեան Դէմ Ոլորտէն Ներս Միջազգային Պարտաւորութիւններու Կատարման Վերաբերեալ Յանձնարարականներ Տուած Է

ՀՀ կառավարութիւնը, Հոկտեմբեր 5-ին, գումարած է հերթական նիստ, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը: Նախքան օրակարգային հարցերուն քննարկումը` վարչապետը տուած է շարք մը յանձնարարականներ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Առաջինը կը վերաբերէր կաշառակերութեան դէմ ոլորտէն ներս միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման: «Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, այդ ոլորտէն ներս, մեր կողմէ նախաձեռնուած եւ իրականացուած են շարք մը առարկայական օրէնսդրական եւ գործնական փոփոխութիւններ: 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին համար իրականացուած ձեռնարկները պիտի գնահատուին շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ: Մասնաւորապէս, պիտի գնահատուին Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան կաշառակերութեան դէմ գործողութիւններու եւ ՄԱԿ-ի Կաշառակերութեան դէմ համաձայնագիրին ծիրէն ներս կատարուած աշխատանքները»,- նշած է վարչապետը: 

Հաշուի առնելով վերոնշեալին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ նշուած փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած առաջարկները միջգերատեսչական բնոյթ ունին` Կարէն Կարապետեանը յանձնարարած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարին ամփոփել եւ իրեն  ներկայացնել առաջարկ համապատասխան պետական մարմիններուն կողմէ կատարման ենթակայ գործողութիւններու ապահովման վերաբերեալ: Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարին յանձնարարուած է՝ արդարադատութեան նախարարին  ներկայացուցած տեղեկատուութեան հիման վրայ՝ նախապատրաստել վարչապետի յանձնարարականին նախագիծը` բոլոր շահագրգիռ մարմիններուն կողմէ յստակ ժամկէտներու մէջ իրենց իրաւասութեան ներքոյ գտնուող գործողութիւններուն կատարման վերաբերեալ: Վարչապետը յորդորած է՝ գործողութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալ՝ սահմանել խիստ հսկողութիւն եւ պարբերաբար զեկուցել իրեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին