ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան, Հոկտեմբեր 5-ին, մայրաքաղաքի Մերիտիըն ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ, ներկայ եղած են Հոկտեմբեր 5-8 իրականացուող Երեւան շօ-2017 ոսկերչական իրերու եւ ժամացոյցներու միջազգային 8-րդ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Հանրապետութեան Նախագահը՝ ոլորտի պատասխանատուներուն եւ կազմակերպիչներուն ուղեկցութեամբ՝ շրջած է ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ ու ծանօթացած Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան (AJA) կազմակերպած ցուցահանդէսին, դիտած է հայրենական եւ օտար ընկերութիւններու ներկայացուցած ոսկերչական զարդերը, ոսկերչական արտադրութեան սարքերը, ադամանդի եւ այլ թանկարժէք ու կիսաթանկարժէք քարերու մշակումով ստեղծուած իրերը, ծանօթացած մասնակից ընկերութիւններու գործունէութեան ու ծրագիրներուն:
Ոսկերչական ցուցահանդէսէն ետք՝ Հանրապետութեան Նախագահը այցելած է նաեւ Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի առաջատար ընկերութիւններէն մէկը` Ալեքս թեքսթիլ ընկերութիւն, ուր ներկայ եղած է ընկերութեան նոր` հագուստի արտադրութեան արտադրամասի բացման արարողութեան:
Հանրապետութեան Նախագահին՝ ընկերութեան հիմնադիրները՝ ներկայացուցած են ընկերութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներն ու զարգացման ծրագիրները: Սերժ Սարգսեան նաեւ ծանօթացած է կարի գործարանի նոր կառուցուող մասնաշէնքի նախագիծին եւ անոր համաձայն իրականացուելիք աշխատանքներուն: Նշուած է, որ նախնական հաշուարկով՝ պիտի կատարուի շուրջ 7 միլիոն եւրոյի ներդրում, որուն իբրեւ արդիւնք՝ գործարանը պիտի ունենայ շուրջ 3000 նոր աշխատատեղ:






