ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեան, Հոկտեմբեր 5-ին, Ուսուցիչի օրուան առիթով, կրթութեան բնագաւառին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար պարգեւատրած է խումբ մը ուսուցիչներ:
ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ պարգեւատրուած մանկավարժներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ, ՀՀ ԱԺ նախագահը նշած է.
«Կը շնորհաւորեմ ձեզ այս տօնական օրուան առիթով: Այսօր ուսուցիչի օրն է, տօն, որ առիթ մըն է գնահատանքի եւ երախտիքի խօսքեր հնչեցնելու ձեր հասցէին: Շնորհակալութիւն ձեր անգնահատելի ջանքերուն, նուիրուածութեան, ձեր հայրենասիրութեան եւ այն ջերմութեան համար, որ ամէն օր կը փոխանցէք պզտիկներուն, անոնց միջոցով մեզի, մեր՝ ընտանիքներուն»:
Արա Բաբլոյեան մանկավարժներուն մաղթած է առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն:






