Չորեքշաբթի 4 Հոկտեմբեր 2017-ին Պաապտայի Նախագահական ապարանքին մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը: ՌԱԿի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան:
Խօսակցութիւնները կեդրոնացան երկուստէք հետաքրքրող հարցերու շուրջ զորս կը վերաբերեր Լիբանանահայութեան եւ Արժանթինի լիբանանեան գաղութին: Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու Լիբանանն ու տարածաշրջանը յուզող հարցեր:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը մեծ գովեստով խօսեցաւ լիբանանահայութեան, Լիբանանի հանդէպ ունեցաղ հաւատարմութեան մասին:
Աւարտին Ընկ. Նահապետեան շնորհակալութին յայտնելով զինք Արժանթին հրաւիրեց, ուր ըստ Նախագահին վկայութեան այնտեղ տակաւին չէր այցելած ու մեծ սիրով կը փափաքի այցելել: