Սեպտեմբեր 24-ին Ստեփանակերտի Խ. Աբովանի անուան հ. 1 դպրոցը կրթութեան առանձնայատուկ պայմաններու կարիք ունեցող երեխաներու հետ աշխատող մասնագէտներու համար (հոգեբաններ, յատուկ և սոցիալական մանկավարժներ) սեմինար-պարապմունքներ կատարեց Լիբանանի Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի նոյնպիսի կրթութիւն իրականացնող մասնագէտներու խումբը:
Պարապմունքներուն ներկայ էին Արցախի մէջ գործընթացը համակարգող ԱՀ ԳԹԿ համապատասխան մասնագէտներ` կեդրրոնի տնօրէն Եուրի Քարամեանի գլխաւորութեամբ:
Մեր հետ կը զրուցէ Լիբանանէն ժամանած մանկավարժներու խումբի ղեկավար, Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքի պատասխանատու Սևակ Յակոբյանը։ Ան ըսաւ, որ այս առաքելութեամբ վարժարանը իր լուման կ՛արմատաւորէ Արցախին նուիրուած համահայկական շարժման «գանձանակին» մէջ, որ 2017թ. հռչակեր էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը` «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» կարգախօսով:
«ՙԻւրաքանչիւր դպրոց, իւրաքանչիւր հայ իր կարողութիւններով կը փորձէ տարուայ ընթացքին ինչ-որ օգտակարութիւն բերել Արցախին»,- ըսաւ Ս. Յակոբեանը: «Մենք մտածեցինք այնպիսի բան ընել, որը աւելի գործնական օգուտ կը բերէ: Եւ քանի որ մեր վարժարանը ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունք ունի, դիմեցինք Սփիւռքի նախարարութեան և մեր պատրաստակամութիւնը յայտնեցինք Արցախի որևէ դպրոցի հետ համագործակցելու, որ կ՛իրականացնուի յատուկ կարիքներով երեխաներու կրթութիւն, և այդ դպրոցին մեր փորձը հաղորդել» աւելցուց Յակոբեան: «Ընտրութիւնը կանգ առաւ Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան հ. 2 հիմնական դպրոցի վրայ, որու տնօրէնն ու երկու մանկավարժները այս տարուայ Ապրիլին հրաւիրուեցան Պէյրութ: Անոնք մեր մօտ մնացին մէկ շաբաթ: Ներկայ եղան մեր դասանիւթերուն, իւրաքանչիւրը որոշ փորձառութիւն ձեռք բերաւ: Դպրոցէն դուրս առիթ ստեղծեցինք, որ ներկայ ըլլան այս տեսակի սեմինարներուն՝ Լիբանան»,-շարունակեց Ս. Յակոբեան:
«Այս անգամ պէտք էր փոխադարձ այցելութիւն։ Եւ լիբանանահայ մանկավարժներու խումբը այցելեց Մարտակերտի դպրոց, այդ տեղ մնաց մէկ օր` կատարելով իր առաքելութիւնը», տեղեկացուց Յակոբեան:
Ինչպէս աւելին տեղեկացուց Ս. Յակոբեան, նպատակը միայն Մարտակերտի քոյր դպրոցով սահմանափակուիլը չէր: Ընդհանրապէս, իրենց ծրագրի մէջ կայ ընդգրկել ամբողջ Արցախի կրթութեան առանձնայատուկ կարիք ունեցող երեխաներու ուսուցումը կազմակերպող կրթական հաստատութիւնները, ուստի և այցի ընթացքին հանդիպում եղաւ Ստեփանակերտի մանկավարժներու հետ:
Սեմինարի սկիզբը պաստառէն ողջունեց Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը` նշելով, որ թէպէտ ֆիզիքապէս հեռու կը գտնուի Արցախէն, բայց ամբողջ հոգուով անոր հետ է, և իր վարժարանով ուրախութեամբ կը մասնակցի «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» ծրագրին: Ան յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը Արցախի դպրոցներու հետ կ՛ըլլայ շարունակական: «Այս սկիզբն է և նոր դուռ կը բանայ յետագայ համագործակցութեան համար»,-ըսաւ ան։
Սևակ Յակոբեան նաև տեղեկացուց, որ Հարպոյեան վարժարանը Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթական հաստատութիւններէն առաջինն էր ուսուցման յատուկ կարիքներով ծրագրի բաժանմունք ունեցող: «Լիբանանը Արևմուտք չէ, արաբական երկիր է, և այս տեսակի կրթութիւն այնտեղ եւս շատ ընկալուած չէ: Լիբանանի մէջ ընդհանրապէս այս գաղափարը զարգացած չէ. ծնողները, ուսուցիչները պատրաստ չեն: Պէտք եղածին չափ մասնագէտներ չկան, իսկ հայկականութեան իմաստով շատ աւելի՝ դժուար, շատ աւելի նեղ է դաշտը: Այնուամենայնիւ, մենք բարեբախտութիւն ունեցանք մասնագէտներ գտնել»,-ըսաւ Սևակ Յակոբեան` աւելցնելով այն դժուարութիւններու մասին, որ կը կրէին ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաները Լիբանանի մէջ:
Սեմինարին զեկուցումներով հանդէս եկան վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքի համակարգող Լարա Գուտուսեանը, նոյն բաժանմունքի խորհրդական Քրիստին Տեր-Սարգիսեանը, հոգեշարժական կազմաւորման մասնագէտ Նաթալի Աւէսեանը, ուղղախօսութեան (լոգոպեդ) մասնագէտ Ճենիֆըր Ապէթեանը:
Իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեամբ մանրամասն, պատի վրայ ցուցադրող սարքի օգնութեամբ, բացատրեց` ինչպէս աւելի լաւ դասաւանդել երեխաներուն: Անոնք պատասխանեցին արցախցի մանկավարժներու հարցերուն, լսեցին անոնց տեսակէտերը, առաջարկութիւնները տուեալ հարցի առնչութեամբ:
Աւարտին սեմինարի մասնակիցները փոխանցեցին իրենց տուեալները, որպէսզի շարունակեն կապը համացանցի միջոցաւ:
«Ազատ Արցախ»






