Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեան այցելեց լիբանանահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն Արմէն Յարութիւնեանի բնակարանը եւ անոր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով շնորհուած «Մովսէս Խորենացի»ի մետալը:
Դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեան նշեց, թէ պարգեւատրութիւնը՝ լիբանանահայ համայնքի եւ Հայաստանին ցուցաբերուած եօթ տասնամեակներու վրայ երկարող անշահախնդիր նուիրումին արժանի գնահատականն է:
Պարոն Արմէն Յարութիւնեան Տողերու Մէջ
Ծնած է 6 Փետրուար 1930-ին, Հալէպ: Յաճախած է Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը, ապա Ալեփփօ Գոլէճ: Հայրը եղած է բարեգործ անձնաւորութիւն:
Ուսանելու ընթացքին հետեւած է առեւտուրի, ապա սկսած է արտադրել սեփական զարդադեղերը (Գոսմեթիք):
1961-ին կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը հիմնէ սեփական գործարանը:
Փոքր տարիքէն եղած է Հալէպի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան վարչական, ապա՝ ատենապետ: Լիբանան փոխադրուելէ ետք երկար տարիներ վարած է Այնթապի Հայրենակցական Միութեան ատենապետի պաշտօնը :
Աւելի քան եօթանասուն տարի ծառայած է Հայ եկեղեցիին, իբրեւ դպիր,սարկաւագ եւ Աւագ սարկաւագ:
Հալէպի մէջ կը մտնէ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) շարքերը: Լիբանանի մէջ եղած է ՀԵԸ-ի տեղական վարչութեան անդամ: Նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ:
Իր եւ տիկնոջ անունով ստեղծած է «Արմեն եւ Միմի Յարութիւնեան» հրատարակութեան հիմնադրամ մը, մեկենասելով 59 գիրքերու հրատարակութեան:
ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու եւ Թէքէեան վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն համար հիմնած է ֆոնտ՝ տարեկան մէկ ամսական նուէր: Նոյնը յետագային կատարած է Լիբանանի ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն:
2014-ին, 250 հազար ամերիկեան տոլարի ֆոնտ մը հիմնած է՝ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի ուսանողներուն համար:
Աւելի քան երեսուն ուսանողներու նպաստ տրամադրած է համալսարանական ուսման համար: :
Եղած է Սուրբ Էջմիածինի բարերար: Նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կեցած է Սուրբ Էջմիածինին:
Մեծ աշխատանք կատարած է Հայաստանի մէջ Այնթապի գործարանին հիմնադրութեան՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Ֆանարի մէջ, Լիբանան, հայ ընտանիքներու համար նախատեսուած բնակարաններու շինարարութեան նուիրած է 35 խոհանոց:
Մնայուն աջակցածէ Լիբանանահայ մամուլին:
Լիբանանահայ մամուլի մէջ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ: Իր ստորագրութեամբ երեք հատորներու հեղինակ է: Սոյն հատորները ծանօթ են «Նամակներ» վերտառութեամբ:
***
«Զարթօնք» ջերմապէս կը շնորհաւորէ թերթիս բարեկամ Պրն. Արմէն Յարութիւնեանը, մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատութիւն: