Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխի Հայաստան այցին ծիրէն ներս, Հոկտեմբեր 4-ին, Արմենիա-Մարիոթ հիւրանոցին մէջ կայացած է հայ-չեխական գործարար համաժողով, որուն բացման ներկայ եղած են ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ, ՀՀ ԱԺ Հայաստան-չեխիա բարեկամական խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանովը եւ Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Համաժողովին՝ բացման խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը: Անոր խօսքով` հայ-չեխական տնտեսական եւ գործարար կապերը վերջին տարիներուն արդիւնաւէտ կերպով կը զարգանան, որուն վառ ապացոյցը այս տարուան ընթացքին ապրանքաշրջանառութեան շուրջ 60 տոկոսով աճն է:
«Հայաստանը ԵՏՄ անդամ միակ երկիրն է, որ ունի GSP+ համակարգ ԵՄ երկիրներու հետ, որ հնարաւորութիւն կու տայ զարգացնելու առեւտրաշրջանառութիւնը, տնտեսական կապերը ԵՄ երկիրներու, ներառեալ` Չեխիայի հետ: Այո՛, մենք ԵՏՄ անբաժանելի մասն ենք, բայց ատիկա խոչընդոտ չէ ԵՄ երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու հարցով»,-ընդգծած է Էդուարդ Շարմազանովը:
Նշելով, որ հայ-չեխական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը մեր երկրին համար առաջնահերթութիւն է` ԱԺ Հայաստան-չեխիա բարեկամական խումբի ղեկավարը գոհունակութեամբ ընդգծած է այն հանգամանքը, որ բազմաթիւ չեխական ընկերութիւններ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Հայաստանի մէջ, իսկ հայ գործարարները` Չեխիոյ:
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ՝ Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխը եւս ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ տնտեսական կապերը դրական զարգացման հունով կ՝ընթանան եւ յոյս յայտնած է, որ Նոյեմբերին ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւնները կարգաւորող նոր իրաւական փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք երկու երկիրներու յարաբերութիւնները առաւել պիտի խորանան:
Համաժողովին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ ներդրումային եւ գործարար կապերու զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:






