Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Հայ Բժիշկները կը Մասնակցին Ռազմադաշտային Վիրաբուժութեան Դասընթացին

Դիլիջանի մէջ, Հոկտեմբեր 2­-ին, սկսած է եռօրեայ դասընթաց` նուիրուած ռազմադաշտային վիրաբուժութեան, որ կազմակերպած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ` ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԿԽՄԿ Երեւանի գրասենեակէն։

Դասընթացը կը վարեն ռազմադաշտային վիրաբուժութեան բազմամեայ փորձ ունեցող ԿԽՄԿ-­ի վիրաբոյժներ պարոն Անտրէաս Վլատիսը եւ տիկին Օսա Մոլտին: Սեմինարին նպատակն է փոխանցել ԿԽՄԿ-­ի փորձը տեղական մասնագէտներուն, որոնք, աշխատելով Ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքին վրայ, պէտք է տրամադրեն բուժօգնութիւն հրազէնային վէրքեր ստացած մարդոց` յաճախ ճարտարագիտական միջոցներու սղութեան պայմաններու մէջ: Դասընթացին կը մասնակցին քաղաքացիական եւ ռազմական ոլորտի 21 վիրաբոյժ Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն: Սեմինարի ընթացքին, անոնք ձեռք կը բերեն յաւելեալ գիտելիքներ բարդ վնասուածքներու եւ հրազէնային վէրքերու բուժման, վարակներու կառավարման եւ անզգայացման վերաբերեալ: Մասնակիցները նաեւ կը ներկայացնեն եւ կը քննարկեն դէպքեր սեփական փորձէն:

«Վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին, աշխատելով տարբեր հակամարտային իրավիճակներու մէջ, ԿԽՄԿ-­ի խումբերը հաւաքագրած եւ վերլուծած են վիրաբուժական գործունէութեան վերաբերող համապարփակ տեղեկատուութիւն»,- ըսած է Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան ղեկավարի տեղակալ պարոն Նիմա Տատպինը: «Նուազագոյն միջոցներով բուժօգնութիւն տրամադրելու մեր մեթոտաբանութիւնը հիմնուած է աւելի քան 100,000 դէպքերու ուսումնասիրութեան վրայ: Ուրախ ենք, որ այսօր կայ հնարաւորութիւն առաջարկելու այս գիտելիքը նաեւ հայ վիրաբոյժներուն, որոնք իրենց հերթին կը կիսեն սեփական փորձը մեր մասնագէտներուն հետ»:

Ռազմադաշտային վիրաբուժութեան դասընթացը Հայաստանի մէջ կ՝իրականացուի երկրորդ անգամ ըլլալով: Անցեալ տարի նմանատիպ եռօրեայ սեմինարին մասնակցեցաւ 80 հայ վիրաբոյժ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին